Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ԱՄՆ Ատրպէյճանը Ընդգրկեց Կրօնական Ազատութեան Դիտարկման Ցանկին Մէջ՝ Արցախի Մէջ Սրբավայրերու Վտանգման Պատճառով

ԱՄՆ Ատրպէյճանը Ընդգրկեց Կրօնական Ազատութեան Դիտարկման Ցանկին Մէջ՝ Արցախի Մէջ Սրբավայրերու Վտանգման Պատճառով

by MassisPost

Միացեալ Նահանգները Ատրպէյճանը ընդգրկած է Կրօնական ազատութեան դիտարկման ցանկին մէջ՝ Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ վերահսկողութիւն հաստատելէ յետոյ կրօնական ազատութեան լուրջ խախտումներու մէջ ներգրաւուած ըլլալու կամ զանոնք հանդուրժելու համար:

Պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն նախօրէին յայտնած է, որ Ատրպէյճանէն բացի ցանկին մէջ ընդգրկուած են նաեւ Կեդրոնափրիկեան Հանրապետութիւնը, Քոմորոսը եւ Վիեթնամը:

Պաշտօնական Ուաշինկթընի այս որոշումը յաջորդած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ քրիստոնէական սրբավայրերու պահպանման առնչութեամբ Միջազգային կրօնական ազատութեան հարցերով Միացեալ Նահանգներու յանձնաժողովի բարձրաձայնած մտահոգութիւններուն:

2023 թուականի Սեպտեմբեր 19-20-ին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ատրպէյճանի իրականացուցած ռազմական յարձակման հետեւանքով Արցախի գրեթէ ամբողջ հայ բնակչութիւնը՝ շուրջ 105 հազար մարդ, ստիպուած եղաւ հեռանալ Հայաստան:

Ամերիկեան յանձնաժողովը տագնապ հնչեցուցած է նաեւ Իլհամ Ալիեւի ղեկավարած՝ մահմետական մեծամասնութիւն ունեցող երկրին մէջ կրօնական գործունէութեան կարգաւորումներու առնչութեամբ, այդ շարքին՝ կրօնական կազմակերպութիւններու գրանցման եւ պաշտօնական մարմինի կողմէ անոնց գրականութեան հաստատման պահանջներու:

Պլինքըն յայտնած է նաեւ, որ բացի «յատուկ դիտարկման ցանկէն», եւս 12 երկիր կրօնական ազատութեան առումով «առանձնայատուկ մտահոգութիւն» կը յարուցէ, անոնք են՝ Պիրման, Չինաստանը, Քուպան, Էրիթրեան, Իրանը, Նիքարակուան, Հիւսիսային Քորէան, Փաքիստանը, Ռուսաստանը, Սէուտական Արաբիան, Տաճիկիստանը եւ Թուրքմենիստանը: Նախորդ տարուայ համեմատ այս ցանկին մէջ փոփոխութիւններ չկան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment