Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ 44-օրեայ Պատերազմին Հետ Կապուած Դատարան Ուղարկուած Է 422 Անձի Վերաբերեալ Քրէական Գործ, 99-ը Սպաներ Են

44-օրեայ Պատերազմին Հետ Կապուած Դատարան Ուղարկուած Է 422 Անձի Վերաբերեալ Քրէական Գործ, 99-ը Սպաներ Են

by MassisPost

Քքննչական Կոմիտէն 44-օրեայ պատերազմի հետ կապուած դատարան է ուղարկել 422 անձի վերաբերեալ քրէական գործ, 99-ը սպաներ են։ Գործերի ճնշող մեծամասնութիւնը դատաքննութեան փուլում է», «Լուրեր»ուն ըսածլ է ՀՀ Քննչական Կոմիտէի նախագահ Արգիշտի Քյարամեանը։

ՔԿ նախագահը նշած է, որ այս պահի դրութեամբ առնուազն 99 սպաներ քրէական հետապնդման կ’ենթարկուին. «Դատաքննութիւնը ցոյց կու տայ՝ մեղաւոր են այս մարդիկ, թէ ոչ։ Բայց առնուազն նախաքննական մարմինի տեսանկիւնից շատ հարցերի պատասխաններ, իմ կարծիքով, մենք ունենք։ Կան հանգամանքներ, որոնք նպաստել են պարտութեան վրայ հասնելուն, կան անձինք, որոնց գործողութիւնները կամ անգործութիւնն է նպաստել պարտութեանը», ըսած է Քյարամեանը։

Վերջինս նշած է, որ արդիւնաւէտ քննութիւն ապահովելու տեսանկիւնէն վարոյթները բաժնած են ըստ ուղղութիւններու՝ 10-րդ  հրաձգային բաժանմունքի, 18-րդ հրաձգային բաժանմունքի,  1-ին բանակային զօրաբանակի ուղղութիւններ, Շուշիի պաշտպանութեան, Հոկտեմբեր 7-8-ի գործողութեան  հետ կապուած դէպքեր, զօրակոչի հետ կապուած խնդիրներ եւ եւս մէկ ուղղութիւն։

«Այս պահին կարող ենք արձանագրել, որ  բացի մէկ ուղղութիւնից,  մնացած բոլոր ուղղութիւններով հիմնական քննութիւնն աւարտուած է», ըսած է Քյարամեան՝  չնշելով ճշգրիտ ուղղութիւնը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment