Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Բացառուած Է ՀՀ Հիւլէական Ելեկտրակայանին Պատճառով Արաքս Գետի Աղտոտուածութեան Առկայութիւնը ». Իրանի ԱԳ Նախարարը

«Բացառուած Է ՀՀ Հիւլէական Ելեկտրակայանին Պատճառով Արաքս Գետի Աղտոտուածութեան Առկայութիւնը ». Իրանի ԱԳ Նախարարը

by MassisPost

Իրանի արտաքին գործերու նախարար Հոսէյն Ամիր Ապտոլլահեան հերքած է այն պնդումները, թէ Հայաստանի մէջ Մեծամորի աթոմակայանը կրնայ ռատիօաքթիւ նիւթերով աղտոտել սահմանային Արաքս գետը։ Անոր խօսքերը մէջբերած է «Tasnim» գործակալութիւնը։

«Իրանի հիւլէական ուժանիւթի կազմակերպութեան տեխնիկական եւ ճանաչողական հաշուետուութեան հիման վրայ՝ Հայաստանի մէջ Մեծամորի աթոմակայանին կողմէ առաջացած որեւէ աղտոտուածութեան առկայութիւնը կը բացառուի», ըսած է նախարարը՝ պատասխանելով պատգամաւոր Վալի Իսմայիլի՝ Հայաստանի Մեծամորի աթոմակայանի թափօններով Արաքս գետի աղտոտման հնարաւորութեան մասին հարցումին։

Յիշեցնենք՝ սա առաջին անգամը չէ, որ իրանեան կողմը կը հերքէ Մեծամորի հիւլէական ելեկտրակայանի թափօններով Արաքսի ռատիօաքթիւ աղտոտման մասին տեղեկութիւնները՝ պատասխանելով, մասնաւորապէս, մամուլի հրապարակումներուն, թէ ռատիօաքթիւ աղտոտուածութեան պատճառով, ամենայն հաւանականութեամբ՝ Հայաստանէն, Իրանի հիւսիսը աճած է քաղցկեղային հիւանդութիւններու թիւը։

Իրանի մասնագէտները նշած են, որ Հայաստանի Մեծամորի հիւլէական ելեկտրակայանի եւ Արաքս գետի միջեւ մեծ հեռաւորութիւն կայ, եւ որեւէ հաւանականութիւն չկայ, որ այս ելեկտրակայանին կեղտաջրերը կրնան յայտնուիլ գետին մէջ եւ զայն աղտոտել ռատիօաքթիւ նիւթերով։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment