Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Ի Պատասխան Պաքուի՝ Փարիզը Ատրպէյճանցի Երկու Դիւանագէտ «Անցանկալի Անձ» Հռչակած Է

Ի Պատասխան Պաքուի՝ Փարիզը Ատրպէյճանցի Երկու Դիւանագէտ «Անցանկալի Անձ» Հռչակած Է

by MassisPost

Ի պատասպան Պաքուի՝ Փարիզը Ֆրանսայի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանութեան երկու աշխատակից «անցանկալի անձ» հռչակած է։

Ըստ Ֆրանսայի Արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան՝ նախօրէին Ֆրանսայի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանը կանչուած է Արտաքին գործերու նախարարութիւն, անոր բողոքագիր փոխանցուած է։

Պաքուն Դեկտեմբեր 26-ին Ֆրանսայի դեսպանատան երկու աշխատակից «անցանկալի անձ» հռչակեց, Ատրպէյճանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Պոյոնը կանչուեցաւ Արտաքին գործերու նախարարութիւն։

Պաքուն դիւանագէտներուն անունները, ինչպէս նաեւ որոշման պատճառներուն մասին չէր հաղորդած, 48 ժամ տուած էր անոնց՝ երկիրը լքելու համար։

Ատրպէյճանի իշխանութիւնները տեւական ժամանակէ կոշտ մեղադրանքներ կը հնչեցնեն Ֆրանսայի իշխանութիւններու հասցէին, այդ շարքին՝ Հայաստանի հետ ունեցած սերտ յարաբերութիւններուն պատճառով։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment