Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Երուսաղէմի Հայկական Թաղամասը Յարձակման Ենթարկուած Է, Կան Վիրաւորներ

Երուսաղէմի Հայկական Թաղամասը Յարձակման Ենթարկուած Է, Կան Վիրաւորներ

by MassisPost

Պետութիւնը մարդ ուղարկած է, ուղղակի յանցագործներ ուղարկած է մեր վրայ. Ֆէյսպուքի ուղիղ եթերի ժամանակ ըսած է Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան անդամ Տէր Տիրան վարդապետ Յակոբեանը։

«Կը փորձեն մեզ կոտրելով, նոյնիսկ սպաննելով՝ այստեղէն հանել։ Շուներով, զէնքերով կ’ուզեն մեզ մեր հողէն հանել։ Հրեայ ոստիկանութիւնը մենք աւելի վաղ այս մասին զգուշացուցած էինք։ Ոստիկանութիւնը եկած է, բայց իրենց մօտէն մեր վրայ քար կը նետեն», յայտնած է ան։

Աւելի քան 30 դիմակաւորուած զինուած անձեր ներխուժած են Երուսաղէմի հայկական թաղամասի «Կովերու պարտէզ»-ի տարածք եւ դաժան յարձակում գործած են եպիսկոպոսներու, քահանաներու, սարկաւագներու եւ հայ համայնքի այլ ներկայացուցիչներու վրայ, յայտարարած է Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութիւնը:

Ծանր վիրաւորում ստացած են քահանաներ, Հայկական աստուածաբանական ակադեմիայի ուսանողներ եւ տեղի հայեր:

«Սա այն յանցաւոր պատասխանն է, որ մենք ստացած ենք Երուսաղէմի շրջանային դատարան «Կովերու պարտէզ»-ի հարցով հայց ներկայացնելու համար: Այսպէս կ’արձագանգեն աւստրալա-իսրայէլացի գործարար Տենի Ռոթմանը եւ Ճորճ Ուորվարը իրաւական ընթացակարգերուն։ Հայոց պատրիարքարանի գոյութեան սպառնալիքն այժմ ֆիզիքական իրականութիւն է», նշած են պատրիարքութենէն՝ յաւելելով, որ եպիսկոպոսները, քահանաները, սարկաւագները, տեղի հայերը կը պայքարին իրենց կեանքին համար:

Պատրիարքութիւնը կոչ կ’ընէ ամբողջ աշխարհի երկիրներու իշխանութիւններուն եւ միջազգային լրատուամիջոցներուն օգնելու փրկել հայկական թաղամասը բռնի կործանումէն:

«Մենք կոչ կ’ընենք Իսրայէլի կառավարութեան եւ ոստիկանութեան հետաքննութիւն սկսելու Տենի Ռոթմանի (Ռուպենշթէյն) եւ Ճորճ Ուորվարի (Հատատ) դէմ՝ Հայոց պատրիարքարանին եւ համայնքին վրայ շարունակական յանցաւոր յարձակումներ կազմակերպելու համար: Յարձակումները կարծես թէ վերջ չունին: Իսրայէլը օրէնքի պետութիւն է, եւ նման յանցաւոր պահուածքը չի կրնար հանդուրժուիլ ու անպատիժ մնալ», ըսուած է յայտարարութեան մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment