Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Յոյսով Եմ` Երեւանը Կը Գիտակցի, Որ ՆԱԹՕ-ի Հետ Փոխգործակցութեան Խորացումը Կը Յանգեցնէ Ինքնիշխանութեան Կորուստի Ազգային Պաշտպանութեան Եւ Անվտանգութեան Ոլորտին Մէջ»․ Լաւրով

«Յոյսով Եմ` Երեւանը Կը Գիտակցի, Որ ՆԱԹՕ-ի Հետ Փոխգործակցութեան Խորացումը Կը Յանգեցնէ Ինքնիշխանութեան Կորուստի Ազգային Պաշտպանութեան Եւ Անվտանգութեան Ոլորտին Մէջ»․ Լաւրով

by MassisPost

Ռուսաստանը կ’ակնկալէ, որ Հայաստանը կը գիտակցի ՆԱԹՕ-ի հետ երկխօսութեան խորացման պատճառով ազգային պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան ոլորտին մէջ պետական ինքնիշխանութեան կորուստի սպառնալիքը, «Թասս»-ին տուած հարցազրոյցին յայտնած է Ռուսաստանի արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լաւրով։

«Յոյսով եմ` Երեւանը կը գիտակցի, որ դաշինքի հետ փոխգործակցութեան խորացումը կը յանգեցնէ ինքնիշխանութեան կորուստի ազգային պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան ոլորտին մէջ», նշած է Ռուսաստանի դիւանագիտական գերատեսչութեան ղեկավարը:

Ընդգծելով, որ այս տարի Հայաստանը դաշինքին հետ մասնակցած է քանի մը տասնեակ միջոցառումներու, կը շարունակէ արդիականացնել իր զինուած ուժերը ՆԱԹՕ-ի չափանիշերուն համապատասխան, եւ անոր զինուորականները վերապատրաստումներ կ’անցընեն Հիւսիսատլանտեան պլոքի շարք մը երկիրներու մէջ՝ Լաւրով ըսած է՝ սա չի կրնար Մոսկուային չանհանգստացնել։

«Մենք բազմիցս հրաւիրած ենք մեր հայ գործընկերներուն ուշադրութիւնը, որ ՆԱԹՕ-ի իրական նպատակը տարածաշրջանին մէջ իր դիրքերը ամրապնդելն է եւ «բաժնէ, որ տիրես» կառուցուածքի համաձայն մանիփուլիացիաներու համար պայմաններ ստեղծելը», եզրափակած է Լաւրով։

Օրերս ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղարի՝ Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ յատուկ ներկայացուցիչ Խաւիեր Քոլոմինան յայտնած էր, որ Հայաստանը շատ յստակ որոշում կայացուցած է փոխելու իր արտաքին քաղաքականութիւնը եւ ինքզինք հեռու պահելու Մոսկուայի հետ յարաբերութիւններուն մէջ։

«Իմ կարծիքով, Հայաստանն արդէն սկսած է մերձենալ մեզի (ՆԱԹՕ-ին)։ Անոնք կը պահանջեն աւելի շատ համագործակցութիւն, աւելի շատ քաղաքական երկխօսութիւն եւ ՆԱԹՕ-ի աւելի մեծ ներկայացուածութիւն։ Մենք կ’ողջունենք մեր գործընկերներուն որոշումները՝ ի շահ տարածաշրջանի կայունութեան, այդ մեզի համար շատ կարեւոր է», վրացական «Առաջին ալիք»ին տուած հարցազրոյցին ըսած էր Քոլոմինան։

Թէեւ Հայաստանը բազմաթիւ դժգոհութիւններ ունի ՀԱՊԿ-էն, բացէիբաց կը յայտարարէ, որ Մոսկուան ձախողած է դաշնակցային պարտաւորութիւնները Հայաստան ատրպէյճանական ներխուժումներու, Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան հաստատման ժամանակ, սակայն ՀԱՊԿ-էն դուրս գալու մասին յայտարարութիւններ չէ ըրած։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ ըսած է՝ Հայաստանը դէպի Արեւմուտք սլաք չի փոխեր։ Պաշտօնական Երեւանը միեւնոյն ժամանակ ընդգծած է, որ հայ ժողովուրդը եւրոպական ձգտումներ ունի, նաեւ, որ կը բազմազանեցնէ անվտանգային քաղաքականութիւնը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment