Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանը Մէկ Շունչին Համար ՀՆԱ-ի Ցուցանիշով Յառաջ Անցած Է Վրաստանէն Եւ Ատրպէյճանէն

Հայաստանը Մէկ Շունչին Համար ՀՆԱ-ի Ցուցանիշով Յառաջ Անցած Է Վրաստանէն Եւ Ատրպէյճանէն

by MassisPost

Հայաստանը 2023-ին մէկ շունչին համար ՀՆԱ-ի ցուցանիշով դարձած է առաջատարը Հարաւային Կովկասին մէջ: Այդ մասին յայտնած է Արժոյթի Միջազգային Հիմնադրամը (ԱՄՀ):

Հիմնադրամին հաշուարկով՝ 2023-ին Հայաստանի մէջ մէկ շունչին համար ՀՆԱ-ն կը կազմէ 8.280 տոլար։

Ատրպէյճանի մէջ, համաձայն նոյն հաշուարկին, մէկ շունչին համար ՀՆԱ-ն կը կազմէ 7.530 տոլար, իսկ Վրաստանի մէջ՝ 8.160 տոլար։

Մէկ շունչին համար ՀՆԱ-ն Թուրքիոյ մէջ կը կազմէ 13.380 տոլար, Իրանի մէջ՝ 4.230 տոլար, Ռուսաստանի մէջ՝ 13.010 տոլար։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment