Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀՀ-ն Նպատակադրուած Է ԵՄ-ի Հետ Գործակցութիւնը Նոր Մակարդակի Բարձրացնելու Յաւելեալ Ջանքեր Գործադրել․ Բալայեանը՝ Միշէլին

ՀՀ-ն Նպատակադրուած Է ԵՄ-ի Հետ Գործակցութիւնը Նոր Մակարդակի Բարձրացնելու Յաւելեալ Ջանքեր Գործադրել․ Բալայեանը՝ Միշէլին

by MassisPost

Հայաստանը նպատակադրուած է յաւելեալ ջանքեր գործադրել Եւրոպական Միութեան եւ անդամ երկիրներու հետ փոխգործակցութիւնը որակական նոր մակարդակի բարձրացնելու նպատակով, Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի հետ հանդիպման ժամանակ յայտնած է Եւրոպական Միութեան մէջ Հայաստանի ներկայացուցչութեան ղեկավար դեսպան Տիգրան Բալայեանը։

Բալայեանը իր հաւատարմագրերը յանձնած է Միշէլին։

Ընդգծելով, որ պրիւքսէլեան ձեւաչափի շրջանակներուն մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կոպտագոյն խախտումները Ատրպէյճանի կողմէ եւ անոնց համար հետեւանքներու բացակայութիւնը ի վերջոյ յանգեցուցին Լեռնային Ղարաբաղի ցեղային զտման՝ Բալայեան շեշտած է, որ հարկաւոր է քայլեր ձեռնարկել Ատրպէյճանի կողմէ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի իրաւական պարտադիր ուժ ունեցող բոլոր որոշումներու կատարման եւ Ատրպէյճանը բանակցութիւններու սեղան վերադարձնելու ուղղութեամբ։

Ըստ ԵՄ-ի մէջ ՀՀ Ներկայացուցչութեան՝ դեսպանը Եւրոպական Խորհուրդի նախագահին մանրամասնութիւններ հաղորդած է Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի նկատմամբ Ատրպէյճանի օրէ օր աւելցող նկրտումներու եւ խաղաղութեան ուղղուած գործընթացը ձախողելու շարունակական փորձերուն մասին, այդ շարքին՝ Կրանատայի եւ Պրիւքսէլի մէջ նախատեսուած բանակցութիւններուն չներկայանալու իրական պատճառներուն վերաբերեալ։

Բալայեանն ու Միշէլը քննարկած են նաեւ սահմանազատման գործընթացի եւ հաղորդակցութեան ուղիներու եւ ճանապարհներու ապաշրջափակման հարցեր, Բալայեանը ներկայացուցած է Հայաստանի կառավարութեան նախաձեռնած «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» ծրագիրը, եւ ընդգծած է այն Եւրոպական Միութեան «Համաշխարհային դարպասներ» նախաձեռնութեան մէջ ներառելու կարեւորութիւնը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment