Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ ՄԻԵԴ-ը Հայ Զինծառայողներու Սպանութեան Հետ Կապուած Ատրպէյճանի Դէմ Որոշում Կայացուցած Է

ՄԻԵԴ-ը Հայ Զինծառայողներու Սպանութեան Հետ Կապուած Ատրպէյճանի Դէմ Որոշում Կայացուցած Է

by MassisPost

ՄԻԵԴ-ը հայ զինուորներու սպանութեան հետ կապուած Ատրպէյճանի դէմ որոշում կայացուցած է Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանը հրապարակած է «Նարայեանը եւ միւսները ընդդէմ Ատրպէյճանի» գործով վճիռը։ ՄԻԵԴ-ի որոշմամբ՝ խախտուած է Պայմանադրութեան 2-րդ յօդուածը (կեանքի իրաւունք) ՝ կապուած զինուորներ Էտկար Նարայեանի եւ Էրիկ Աբովեանի մահուան, ինչպէս նաեւ անոնց մահուան հանգամանքներու որեւէ քննութեան բացակայութեան վերաբերեալ։

ՄԻԵԴ-ը արձանագրած է, որ Պայմանադրութեան 13-րդ յօդուածին (արդիւնաւէտ պաշտպանութեան իրաւունք) համապատասխան քննելու անհրաժեշտութիւն չկայ, Պայմանադրութեան 14-րդ յօդուածին (խտրականութեան արգելք) համապատասխան քննելու անհրաժեշտութիւն չկայ: Բացի անկէ, ՄԻԵԴ-ի որոշմամբ՝ Ատրպէյճանը պարտաւոր է Պայմանադրութեան 44-րդ յօդուածի 2-րդ կէտին համաձայն դատարանի վճիռը օրինական ուժի մէջ մտնելու օրուընէ յետոյ երեք ամսուայ ընթացքին դիմողներուն վճարել 16 հազար եւրօ իւրաքանչիւր դիմումի համար, գումարած որեւէ հարկ, որ կրնայ գանձուիլ ոչ-նիւթական վնասի համար, 2780 եւրօ իւրաքանչիւր յայտի համար, որոնք պէտք է համատեղ վճարուին համապատասխան դիմորդներուն, գումարած որեւէ հարկ, որ կրնայ գանձուիլ անոնցմէ՝ կապուած ծախսերուն հետ։ Դիմումատուները Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու զինուորներու հարազատներն են։ Գործը կը վերաբերէ ատրպէյճանցի զինուոր Չինկիզ Կուրպանովի կողմէ հայ զինուորներ սպաննելուն:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment