Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Վլատիմիր Գասպարեանի Դուստրը Վերականգնած Է Պետութեան Պատճառած Վնասը, Քրէական Հետապնդումը Դադրեցուած Է

Վլատիմիր Գասպարեանի Դուստրը Վերականգնած Է Պետութեան Պատճառած Վնասը, Քրէական Հետապնդումը Դադրեցուած Է

by MassisPost

Ոստիկանութեան նախկին պետ Վլատիմիր Գասպարեանի դուստրը վերականգնած է պետութեան պատճառած վնասը. Ոչ-արդարացնող հիմքով՝ համաներմամբ, դադրեցուած է Եուլիա Գասպարեանի նկատմամբ յարուցուած հանրային քրէական հետապնդումը, տեղեկացուցած է Գլխաւոր Դատախազութիւնը։

Ըստ հաղորդման՝ այս տարուան Հոկտեմբերին Եուլիա Գասպարեանի պաշտպանը միջնորդութիւն ներկայացուցած է դատարան՝ արագացուած վարոյթ կիրառելու վերաբերեալ, Եուլիա Գասպարեանն ալ, միանալով միջնորդութեան, յայտնած է, որ համաձայն է իրեն ներկայացուած մեղադրանքին հետ:

Եուլիա Գասպարեանը կը մեղադրուէր պետական միջոցները վատնելուն օժանդակելու համար։

Ան 2015-ի Մարտին նշանակուած է պաշտօնի Հայաստանի ոստիկանութեան զօրքերուն մէջ եւ պաշտօնավարած է մինչեւ 2018-ի Մայիս 10։

Վլատիմիր Գասպարեանի դուստրը, ըստ դատախազութեան, այդ ընթացքին օժանդակած է այդ ժամանակ ոստիկանութեան զօրքերու հրամանատար Լեւոն Երանոսեանին, որ վատնած է պիւտճէի գումարները, զանոնք որպէս աշխատավարձ, արձակուրդային եւ պարգեւատրումներ ձեւակերպած եւ փոխանցած է մէկ օր նոյնիսկ աշխատանքի չներկայացած իր աշխատակիցին՝ Եուլիա Գասպարեանին։

Ըստ դատախազութեան՝ Եուլիա Գասպարեանին երեք տարուան մէջ փաստացի վճարուած է 8 միլիոն 838 հազար դրամ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment