Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Յոյսով Ենք, Որ Շատ Շուտով Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Համաձայնագրի Կնքման Ականատեսը Կ’ըլլանք. Օ’Պրայըն

Յոյսով Ենք, Որ Շատ Շուտով Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Համաձայնագրի Կնքման Ականատեսը Կ’ըլլանք. Օ’Պրայըն

by MassisPost

ԱՄՆ յոյսով է, որ շուտով խաղաղութեան համաձայնագիր կը կնքուի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ: Այս մասին յայտնած է ԱՄՆ պետական քարտուղարին Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով օգնական Ճէյմս Օ’Պրայընը «Ամերիկայի Ձայն»-ին տուած հարցազրոյցին։

«Կը կարծեմ, որ իսկապէս կարեւոր է, որ երկու երկիրները խօսին միմեանց հետ եւ ձեռք բերեն գործնական պայմանաւորուածութիւններ: Զինուորականներու ազատ արձակման մասին յայտարարած էին անցեալ շաբաթ, եւ ահա, բառացիօրէն այս շաբաթ, անոնք արդէն տունն են։ Երկիրները հանդէս եկած են համատեղ յայտարարութեամբ, որուն մէջ ցոյց տուած են միմեանց աջակցութիւնը շատ առումներով, այդ շարքին՝ իրենց միջազգային ձգտումներուն մէջ, օրինակ՝ այն բանով, որ Ատրպէյճանը կայանցնէ ՄԱԿ-ի կլիմայի յաջորդ համաժողովը, ինչին իրաւունքը այժմ ունի»,- ըսած է ան:

Անոր խօսքով՝ նման աջակցութեան դրսեւորումը կարեւոր քայլ է երկկողմ բնականոն յարաբերութիւններ կառուցելու ճանապարհին։

«Մենք յոյսով ենք, որ շատ շուտով կողմերու խաղաղութեան համաձայնագրի ձեռք բերման ականատեսը պիտի ըլլանք։ Այս հարցով երկու կողմերն ալ շահագրգռուածութիւն յայտնած են։

Մենք, ինչպէս նաեւ Եւրոմիութեան մեր գործընկերները եւ այլ կողմեր պատրաստ ենք օգնելու անոնց այս հարցով։ Մենք պիտի փափաքէինք, որ այս ամէնը շուտ աւարտէր, քանի որ խաղաղութեան արագ կնքումը հսկայական օգուտներ պիտի բերէ», ընդգծած է Օ’Պրայընը։

Ան յիշեցուցած է, որ Ուաշինկթընը բանակցութիւններու քանի մը փուլ կատարած է երկու երկիրներու արտաքին գործերու նախարարներուն միջեւ՝ յաւելելով, որ անոնք կրկին պիտի հանդիպին։

«Մենք պատրաստ ենք օգնելու։ Մենք երկու կողմերուն կոչ կ’ընենք հանդիպելու, եւ այս պահուն անոնցմէ իւրաքանչիւրը յայտարարած է, որ պատրաստ է աշխատելու այս ուղղութեամբ», եզրափակած է ան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment