Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Լուքաշենքօն Յիշեցուցած Է Ալիեւի Առաջարկը Սերժ Սարգսեանին՝ 5 Միլիառ Տոլարի Վերաբերեալ

Լուքաշենքօն Յիշեցուցած Է Ալիեւի Առաջարկը Սերժ Սարգսեանին՝ 5 Միլիառ Տոլարի Վերաբերեալ

by MassisPost

Պելառուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօն յայտնած է, որ ղարաբաղեան հակամարտութեան մագլցում չէր ըլլար, եթէ կողմերը ժամանակին լսէին խորհուրդները եւ ձեռնարկէին անհրաժեշտ միջոցներ։ Այս մասին ան յայտնած է ԱՊՀ անդամ պետութիւններու անվտանգութեան մարմիններու եւ հետախուզական ծառայութիւններու ղեկավարներու 19-րդ նիստին մասնակցող պատուիրակութիւններու ղեկավարներու հետ հանդիպման ընթացքին։

«Այո՛, մենք որոշ տեղ սխալներ թոյլ տուինք: Այո՛, որոշ տեղ չյաջողեցաւ՝ Հայաստանի մէջ, Ատրպէյճանի մէջ: Եկէք սա շտկենք», ըսած է ան։

Լուքաշենքօն յայտնած է, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը մեղաւոր չէ տեղի ունեցածին համար։ Անոր խօսքով՝ ստեղծուած իրավիճակը ան «ժառանգութիւն» ստացած է։ Ան յիշեցուցած է իր զրոյցը Հայաստանի նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավար Իլհամ Ալիեւի հետ, որուն ժամանակ վերջինս հինգ շրջաններու դիմաց 5 միլիառ տոլար կ’առաջարկէր, սակայն հայկական պետութեան ղեկավարը չընդունեց անոր առաջարկը։

«Եթէ երթային անոր, չէր ըլլար առիթ սանձազերծելու այս պատերազմը: Ամէն ինչի շուրջ կը պայմանաւորուէին: Ինչո՞ւ այդ ժամանակ չըրին: Չըրին՝ ստացան: Ի՞նչ է, Հայաստանի համար աւելի լա՞ւ է: Ոչ: Եւ Ատրպէյճանի համար հեշտ չէ: Իլհամը խելացի մարդ է այս հարցին մէջ», յայտնած է Պելառուսիոյ ղեկավարը:

Ան նաեւ յայտնած է, որ վերջերս Տուպայի մէջ զրուցած է իր ատրպէյճանցի գործընկերոջ հետ, անոր հետ քննարկած է Ղարաբաղի հարցը եւ բնակչութեան դուրս գալը։

«Կ’ըսէ՝ մենք ոչ մէկուն պիտի չդպնանք: Մենք, ընդհակառակը, այնպէս պիտի ընենք, որ բոլորը հասկնան, որ մենք քաղաքակիրթ երկիր ենք: Մենք պիտի օգնենք ընկերա-կենցաղային մակարդակով: Այնտեղ իշխանութիւնը ուժեղ է, անոնք ի վիճակի են այդ ընելու. ե՛ւ աջակցիլ, ե՛ւ օգնել», ըսած է Լուքաշենքօն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment