Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Մոսկուան «Չափազանց Վտանգաւոր» Կը Համարէ Եռակողմ Յայտարարութիւններէն Հրաժարելու Փորձերը

Մոսկուան «Չափազանց Վտանգաւոր» Կը Համարէ Եռակողմ Յայտարարութիւններէն Հրաժարելու Փորձերը

by MassisPost

Մոսկուան կը զգուշացնէ, թէ Հայաստանի, Ատրպէյճանի ու Ռուսաստանի ղեկավարներուն միջեւ 44-օրեայ պատերազմէն յետոյ ձեռք բերուած համաձայնութիւններէն հրաժարելու փորձերը «չափազանց վտանգաւոր» կրնան ըլլալ։

«Այդ անխուսափելիօրէն պիտի բերէ լուրջ վտանգներու, առաջին հերթին՝ նոյն ինքն Հայաստանի համար», ըսած է Ռուսաստանի Արտաքին գործերու նախարարութեան խօսնակը։ Չմանրամասնելով, թէ ինչ վտանգներու մասին է խօսքը՝ Մարիա Զախարովան պնդած է, թէ հնարաւոր մարտահրաւէրները հնարաւոր պիտի չըլլայ յաղթահարել նոյնիսկ «արեւմտեան կեղծ միջնորդներու օգնութեամբ»։

Արտաքին գործերու նախարարությեան յայտարարութիւնը կրկին կ’ընդգծէ, թէ Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ 2020-ի Նոյեմբեր 9-ին, 2021-ի Յունուար 11-ին, 2021-ի Նոյեմբեր 26-ին, 2022-ի Հոկտեմբեր 31-ին ստորագրուած փաստաթուղթերն են Երեւանի ու Պաքուի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման միակ ճանապարհային քարտէզը։ «Անոնք այլընտրանք չունին», յայտնած է Զախարովան, յաւելելով՝ «այս համաձայնագրերը կը մնան ուժի մէջ, կողմերէն որեւէ մէկը ետ չէ վերցուցած իր ստորագրութիւնը»։

Զախարովան մեղադրանքներ հնչեցուցած է նաեւ Հայաստանի հասցէին՝ նշելով, որ Երեւանի շարք մը գործողութիւններուն պատճառով հնարաւոր չեղաւ ամբողջութեամբ իրականացնել եռակողմ պայմանաւորուածութիւնները։

«Փրակի մէջ Երեւանը 180 աստիճանով փոխեց իր դիրքորոշումը՝ ճանչնալով Ղարաբաղի պատկանելիութիւնը Ատրպէյճանին եւ մոռնալով գոնէ նշել տարածաշրջանի հայ բնակչութեան իրաւունքներուն եւ անվտանգութեան պատշաճ ապահովման անհրաժեշտութիւնը։ Այս որոշումը արմատապէս փոխեց իրավիճակը այն տարածքին մէջ, ուր տեղակայուած է ռուսական խաղաղապահ զօրախումբը», ըսած է ան։

Երեւանը բազմիցս հակադարձած է Մոսկուային՝ շեշտելով, որ Փրակէն առաջ ալ Մոսկուան չէր կատարեր իր դաշնակցային, իսկ խաղաղապահները՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստանձնած պարտաւորութիւնները։

Զախարովան կրկնած է ատրպէյճանական թեզը, թէ Հայաստանը 44-օրեայ պատերազմէն յետոյ ամբողջութեամբ դուրս չէ բերած զօրքերը Ղարաբաղէն, «օգտագործած է Լաչինի միջանցքը՝ ռազմամթերք տեղափոխելու համար», ինչն ալ «նպաստած է Սեպտեմբեր 19-ին տեղի ունեցած բախումներուն»։ Մոսկուան նաեւ մեղադրած է Հայաստանի իշխանութիւնները՝ «ապաշրջափակման գործընթացը ձգձգելու, 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան 9-րդ կէտի դրոյթներէն հրաժարելու համար»։ Այդ կէտին մէջ կը նշուի, որ Հայաստանը պէտք է երաշխաւորէ Ատրպէյճանի արեւմտեան շրջաններու եւ Նախիջեւանի միջեւ ճանապարհային հաղորդակցութեան անվտանգութիւնը, հաղորդակցութեան նկատմամբ վերահսկողութիւնն ալ պէտք է իրականացնեն Ռուսաստանի ԱԴԾ սահմանապահ ծառայութեան մարմինները:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment