Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Երեւանի Մէջ Կայացած Է Հայ-Ռուսական Միջկառավարական Յանձնաժողովի Նիստը

Երեւանի Մէջ Կայացած Է Հայ-Ռուսական Միջկառավարական Յանձնաժողովի Նիստը

by MassisPost

Հայաստանի ու Ռուսաստանի փոխվարչապետներուն գլխաւորութեամբ Երեւանի մէջ կայացած է միջկառավարական յանձնաժողովի նիստը, որուն սահմանափակ թուով՝ պետական ու դաշնային լրատուամիջոցներ հրաւիրուած են։

Արդեօք երկու երկիրներու կառավարութիւններուն ներկայացուցիչները քննարկա՞ծ են Երեւան-Մոսկուա լարուած յարաբերութիւններուն հարցը, յայտնի չէ։

Փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի գրասենեակէն յայտնած են, որ նիստի միայն ելոյթներուն հատուածը բաց եղած է։ Ալեքսէյ Օվերչուքը ընդունած վարչապետ Փաշինեանի գրասենեակն ալ կարճ հաղորդագրութիւն մը տարածած է, թէ պաշտօնեաները քննարկած են հայ-ռուսական յարաբերութիւններու արդիական հարցերը, առկայ խնդիրները եւ ԵԱՏՄ ձեւաչափով համագործակցութեան առնչուող թեմաներ:

Ռուսաստանի փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքը, որ նաեւ Տարածաշրջանի ապաշրջափակման եռակողմ աշխատանքային խումբի ռուսաստանցի համանախագահն է, նիստէն յետոյ պատասխանած է ռուսական դաշնային «Սփութնիք Արմէնիա»-ի հարցումներուն։ Ըստ լրատուամիջոցին՝ Օվերչուք յայտնած է, որ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ երկաթգիծի բացման փաստաթուղթերը պատրաստութեան ամենաբարձր մակարդակի վրայ են։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment