Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀԱՊԿ-ը Ապացուցած Է Քանի Մը Դրուագով, Որ Յանցաւոր Անգործութիւն Իրականացուցած է Հայաստանի Դէմ. ԱԺ Նախագահ

ՀԱՊԿ-ը Ապացուցած Է Քանի Մը Դրուագով, Որ Յանցաւոր Անգործութիւն Իրականացուցած է Հայաստանի Դէմ. ԱԺ Նախագահ

by MassisPost

Ազգային Ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեան կը կարծէ, որ ԱՊՀ-ի հետ Երեւանը պէտք է շարունակէ համագործակցութիւնը։

«ԱՊՀ-ի մասով մենք կարող է եւ պէտք է աշխոյժ լինենք, որովհետեւ դա նաեւ համագործակցութեան մի հարթակ է, որը որ մեր պետութեանը օգուտ է տալիս, ինչպէս նաեւ տնտեսական՝ ԵԱՏՄ-ի հետ կապուած, մենք մի տնտեսական գօտում ենք, եւ մեր տնտեսութիւնը բաւականին փոխկապուած է այդ տնտեսութեան հետ», «Ազատութեան» հարցին ի պատասխան ըսաւ ան։

Ինչ կը վերաբերի ՀԱՊԿ-ին, խորհրդարանի խօսնակը ընդգծեց հակառակը՝ ՀԱՊԿ-ը ապացուցած է քանի մը դրուագով, որ «յանցաւոր անգործութիւն իրականացուցած է Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ»։

«Մենք չէինք մտածում, որ ՀԱՊԿ զինծառայողները գալու էին եւ կրակէին ատրպէյճանցիների վրայ, բայց առնուազն քաղաքական գնահատական մենք գոնէ պէտք է տեսնեինք, եւ մենք դա չտեսանք», նշեց ան։

«Մենք միայն Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքն ենք պաշտպանում եւ հետապնդում ենք միայն Հայաստանի Հանրապետութեան շահը, եթէ Հայաստանի Հանրապետութեան շահից բխի որեւիցէ շրջադարձ անել, այդ շրջադարձը կը կատարուի, եւ եթէ նման որոշում կայացուի, Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովուրդը դրա մասին կ’իմանայ», յայտնեց ան՝ յաւելելով, որ այս պահին որեւիցէ ձեւով չեն քայքայուիր այդ կառոյցները։

«Բայց միեւնոյն ժամանակ, ներողութիւն եմ խնդրում, այն քայլերից, անգործութիւնից յետոյ, որը որ մեր գործընկերները ցուցադրեցին եւ, իմ գնահատմամբ, շարունակում են ցուցադրել՝ հետապնդելով նաեւ իրենք իրենց շահերը, մեզ թոյլ է տալիս նոյնպէս հետապնդել մեր շահերը»։

Վերջին շրջանին հայ-ռուսական յարաբերութիւններու լարուածութեան լոսյին տակ՝ հայ պաշտօնեաները չեն մասնակցիր Ռուսաստանի գլխաւորած կառոյցներու տարբեր նիստերուն ու հանդիպումներուն։

Հայաստանի վարչապետին գրասենեակը դեռ չէ պարզաբանած՝ ԱՊՀ ղեկավարներու տարեվերջի հաւաքին պիտի մասնակցի, թէ չէ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment