Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փութինի Համոզմամբ՝ Երեւանի Շահերէն Չի Բխիր ԱՊՀ-ն, ԵԱՏՄ-ն, ՀԱՊԿ-ը Լքելը

Փութինի Համոզմամբ՝ Երեւանի Շահերէն Չի Բխիր ԱՊՀ-ն, ԵԱՏՄ-ն, ՀԱՊԿ-ը Լքելը

by MassisPost

Ռուսաստանի նապագահ Վլատիմիր Փութինը, մեկնաբանելով Հայաստանի իշխանութիւններուն բացակայութիւնը Մոսկուայի գլխաւորած կազմակերպութիւններու հաւաքներուն, յայտնած է որ չի կարծեր, թէ Հայաստանի շահերէն կը բխի ԱՊՀ-ին, ՀԱՊԿ-ին ու ԵԱՏՄ-ին անդամակցութիւնը դադրեցնելը։

Քրեմլինի ղեկավարը միաժամանակ յաւելած է. «Վերջին հաշուով այդ պետութեան ընտրութիւնն է»։

Ռուսաստանի առաջնորդին խօսքով՝ վարչապետ Փաշինեանի «բացակայութիւնները պայմանաւորուած են հայաստանեան գործընթացներուն հետ եւ կապուած չեն այդ համարկման միաւորումներու հետ աշխատանքը չշարունակելու հետ»։

«Հայաստանի մէջ խրթին գործընթացներ տեղի կ’ունենան Ղարաբաղի հետ կապուած։ Մենք կը հասկանանք այդ ամէնը, բայց մենք չէ, որ հրաժարած ենք Ղարաբաղէն, Հայաստանը ճանչցած է, որ Ղարաբաղը Ատրպէյճանի մասը կը հանդիսանայ», հերթական անգամ յայտնած է Փութին՝ պնդելով, որ Երեւանը իր այդ նախաձեռնութեան մասին նոյնիսկ չէր տեղեկացուցած Մոսկուային։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment