Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ատրպէյճանի Համար Անընդունելի Է Զօրքերու Ետքաշման Մասին ՀՀ ԱԳ Նախարարին Առաջարկը. Պայրամով

Ատրպէյճանի Համար Անընդունելի Է Զօրքերու Ետքաշման Մասին ՀՀ ԱԳ Նախարարին Առաջարկը. Պայրամով

by MassisPost

Ատրպէյճանական կողմը մօտ ժամանակներս պիտի ներկայացնէ իր դիրքորոշումը Հայաստանի կողմէ Նոյեմբերի վերջը առաջարկուած խաղաղութեան համաձայնագրի պայմաններուն վերաբերեալ, յայտնած է Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարար Ճէյհուն Պայրամովը Պաքուի մէջ իր թուրք գործընկեր Հաքան Ֆիտանի հետ համատեղ ասուլիսի ընթացքին։

«Առաջարկութիւններու փաթեթը, որ մենք ստացած ենք Հայաստանէն, կը տարբերի նախորդէն։ Առաջարկութիւններու նոր փաթեթը աւելի լաւատեսական է», յայտնած է Ատրպէյճանի ԱԳՆ ղեկավարը։

Անոր խօսքով՝ նման գործողութիւններով քայլ առ քայլ կարելի է յառաջ տանիլ բացասական անցեալ ունեցող հարցը. «Եթէ Հայաստանը դրսեւորէ ոչ թէ իր ցանկութիւնները, այլ յարգանքը միջազգային իրաւունքի նկատմամբ, կարելի է հասնիլ դրական արդիւնքի»։

Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարը յայտնած է նաեւ տարածաշրջանի երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները կարգաւորելու անհրաժեշտութեան մասին. «Եթէ հայկական կողմը համանման քայլեր ձեռնարկէ, ապա դրական արդիւնքներու հասնիլը իրական կը թուի», ըսած է Պայրամով։

Նախարարը նաեւ պատասխանած է երկու երկիրներուն զօրքերը սահմանէն ետ քաշելու վերաբերեալ Երեւանի առաջարկին. «Եթէ զօրքերը դուրս բերուին չսահմանազատուած սահմանէն, ո՞վ կու տայ երաշխիք, որ այնտեղ ոչինչ պիտի ըլլայ։ Այս առաջարկը անընդունելի է ատրպէյճանական կողմին համար։ Ատրպէյճանական բանակը այսօր կը պաշտպանէ իր սահմանները: Ես համաձայն չեմ Հայաստանի ԱԳՆ ղեկավարի յայտարարութեան հետ՝ սահմանէն զօրքերու ետքաշման վերաբերեալ: 30 տարի անց ատրպէյճանական բանակը նահատակներու կեանքի գնով վերականգնած է իր սահմանները։ Ատրպէյճանի սահմանները կրնան պահպանուիլ միայն ատրպէյճանցի զինուորներու կողմէ»։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment