Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Եւ Յունաստանի Միջեւ Ռազմատեխնիկական Համագործակցութեան Մասին Համաձայնագիր Ստորագրուած Է

Հայաստանի Եւ Յունաստանի Միջեւ Ռազմատեխնիկական Համագործակցութեան Մասին Համաձայնագիր Ստորագրուած Է

by MassisPost

ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանը պաշտօնական այցով Յունաստան կը գտնուի։ Սուրէն Պապիկեանի եւ Յունաստանի ազգային պաշտպանութեան նախարար Նիքոլաոս Տենտիասի հանդիպման ընթացքին քննարկուած են հայ-յունական պաշտպանական համագործակցութեան առնչուող հարցեր։

Երկուստեք արձանագրուած է համագործակցութեան զարգացման մեծ ներուժը, եւ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է զայն զարգացնել նոր թափով՝ ներառելով ռազմատեխնիկական, փորձի փոխանակման, կրթական, ուսումնավարժական, մարտավարական պատրաստութեան եւ այլ ուղղութիւններ։

Հանդիպման աւարտին Հայաստանի եւ Յունաստանի պաշտպանութեան նախարարները ստորագրած են «Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Յունաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան միջեւ ռազմատեխնիկական համագործակցութեան մասին» համաձայնագիրը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment