Դատախազը 2023 թուականի Դեկտեմբեր 12-ին հաստատած է ՊԵԿ նախկին նախագահ Գ.Խ.-ի որդի Ա.Խ.-ի եւ եղբօրորդիի, «Մուլտի գրուպ կոնցեռն»-ի գլխաւոր տնօրէն Ս.Ա.-ի եւ դրամատուներէն մէկուն վարորդ Ա.Պ.-ի վերաբերեալ մեղադրական եզրակացութիւնն ու վարոյթի նիւթերուն հետ յանձնել Հակափտածութեան դատարան:
Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան քննչական գլխաւոր վարչութեան մէջ քննուած քրէական վարոյթով պարզուած է, որ Գ.Խ.-ն, 2008-2016 թուականներուն զբաղեցնելով Մաքսային Պետական Կոմիտէի նախագահի պաշտօնակատարի, նոյն կոմիտէի նախագահի, Պետական Եկամուտներու Կոմիտէի նախագահի եւ ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնները, յանձնարարած է Կոմիտէին, այնուհետեւ՝ Ելեւմուտքի նախարարութեան պաշտօնատար անձերուն համագործակցիլ իր որդիներ Ա.Խ.-ի եւ Գ.Խ.-ի, ազգական Ա.Խ.-ի կողմէ հիմնադրուած ընկերութեան հետ, վերացնել գնման ընթացակարգին մէջ յառաջացող խոչընդոտներն ու կիրառել աւելի բարենպաստ գնման ընթացակարգեր:
Օգտուելով Գ.Խ.-ի կողմէ ապօրինի կերպով ստեղծուած բարենպաստ պայմաններէն՝ ընկերութիւնը 2008-2020 թուականներու ընթացքին Կոմիտէին հետ կնքած է 4 միլիառ 426 միլիոն 435 հազար դրամ արժէքով ապրանքներու մատակարարման եւ ծառայութիւններու մատուցման պայմանագրեր:
Բացի անկէ, Գ.Խ.-ն, իրմէ ծառայողական կախուածութեան մէջ գտնուող եւ այլ անձերու մասնակցութեամբ, ապահոված է, որ իր որդիներուն ու եղբօրորդիին ընկերութեան հետ կնքուի 19 ծրագրային մոտուլի ձեռքբերման պայմանագիր՝ իրական արժէքէն էապէս բարձր՝ 4 միլիառ 283 միլիոն 580 հազար դրամով (նշուած ընկերութեան հետ պայմանագիր կնքելու ատեն՝ գնում կատարելու վերաբերեալ մրցոյթ չէ կայացած, ընտրուած է առանց գնումներու յայտարարութիւնը նախապէս հրապարակելու բանակցային ընթացակարգը, հրաւէրը ուղարկուած է միայն իր որդիներուն ու եղբօրորդիին ընկերութեան):
Գ.Խ.-ի որդիներ Ա.Խ.-ն, Գ.Խ.-ն եւ եղբօրորդի Ա.Խ.-ն մասնակցած ու ղեկավարած են Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ գործունէութիւն իրականացնող շուրջ 48 ընկերութիւն եւ, օգտուելով Գ.Խ.-ի զբաղեցուցած պաշտօններով պայմանաւորուած հովանաւորչութենէն, 2011-2016 թուականներու ընթացքին թաքցուցած են վերոնշեալ կազմակերպութիւններու գործունէութեան իրական ծաւալները: Այդպիսով յառաջացած են չյայտարարագրուած եւ հարկային մարմինի հսկողութենէն դուրս մնացած եկամուտներ` 1 միլիառ 555 միլիոն դրամ, 97 միլիոն 203 հազար ԱՄՆ տոլար, 2 միլիոն 65 հազար եւրօ: Յանցաւոր ճանապարհով ձեռք բերուած գումարները 2011-2016 թուականներու ընթացքին տրամադրած են դրամատուներէն մէկուն մէջ որպէս վարորդ աշխատող Ա.Պ.-ին եւ յանձնարարած են վարձատրութեան դիմաց կանխիկ մուտքագրել իրենց կողմէ տրուած դրամատնային հաշուեհամարներուն:
Ա.Պ.-ն իրեն փոխանցուած կանխիկ գումարները մուտքագրած, ապա դրամատնային գործարքով փոխանցած է փաստացի Գ.Խ.-ի որդիներուն եւ եղբօրորդիին հետ փոխկապակցուած՝ արտերկրի մէջ, այդ շարքին` օֆշորային գօտիներու մէջ արձանագրուած, Հայաստանի մէջ որեւէ տնտեսական գործունէութիւն չիրականացնող հինգ ընկերութիւններու հաշուեհամարներուն, միախառնած է այլ միջոցներու հետ: Գումարները փոխանցումներու եւ կանխիկացումներու միջոցով տնօրինուած են Գ.Խ.-ի որդիներուն եւ անոնց հետ փոխկապակցուած անձերու կողմէ:
Բացի անկէ, Գ.Խ.-ի եղբօրորդի Ա.Խ.-ն, հանդիսանալով «Մեգա Ֆուդ» ընկերութեան միակ հիմնադիրը եւ տնօրէնը, 2011, 2012, 2014, 2015 եւ 2016 թուականներուն հարկային մարմիններ ներկայացուցած փաստաթուղթերուն մէջ մտցուցած է ակնյայտ կեղծ տուեալներ եւ չէ վճարած 369 միլիոն 439 հազար դրամի լրացուցիչ հարկային պարտաւորութիւններ։
Բացի անկէ, Ա.Խ.-ն, հանդիսանալով Գ.Խ.-ի որդիներուն կողմէ հիմնադրուած «Ապեյրոն» ընկերութեան տնօրէնը, 2011-2016 թուականներու ընթացքին հարկային մարմիններ ներկայացուած փաստաթուղթերուն մէջ մտցուցած է ակնյայտ կեղծ տուեալներ եւ չէ վճարած 424 միլիոն 555 հազար դրամի լրացուցիչ հարկային պարտաւորութիւններ։

