Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Հանդիսաւորապէս Նշուեցաւ Բարձ․Տ․Յովնան Արք․Տէրտէրեանի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Քսան Արգասաբեր Ծառայական Տարիներու Ամեակը

Հանդիսաւորապէս Նշուեցաւ Բարձ․Տ․Յովնան Արք․Տէրտէրեանի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Քսան Արգասաբեր Ծառայական Տարիներու Ամեակը

by MassisPost

ՈՒԽՏԻ ՊԱՏԱՐԱԳ
Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի եւ Մեքսիքոյի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդական պաշտօնի արգասաբեր ու աստուածահաճոյ առաքելութեան 20 ամեակի տօնակատարութիւնը նշուեցաւ 10 Դեկտեմբեր 2023-ին, նախ առաւօտեան սուրբ եւ անմահ Պատարագով, զոր մատոյց Առաջնորդ Սրբազանը, Պըրպէնքի Առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին մէջ, հաւատացեալներու բազմութեան ներկայութեան: Պատարագիչ Առաջնորդ Սրբազանը որպէս քարոզի բնաբան եւ առաջնորդող պատգամ ընտրած էր Պատարագամատոյցէն քաղուած «Եւ զՔոյս ի Քոյոց Քեզ մատուցանեմք» նախադասութիւնը: Սրբազանը իր քարոզին մէջ ըսաւ, որ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի թեմական կեանքէն ներս իր  ծառայութեան շրջանին արդէն արձանագրուած է երկու տասնամեակ եւ «սա հրաշալի առիթ մըն է այս հանգրուանին յետադարձ ակնարկ նետելու եւ անկեղծ քննութիւն մը կատարելով ըստայնմ որոշելու ընթացքը գալիք ժամանակամիջոցին՝ վերահաստատելով մենք մեզ մեր քահանայական կոչման մէջ, առաւել ամրացնելով մեր սրտի խորքին հաւատքի ոգին, ծառայութեան գիտակցութիւնը, մեր անվերապահ սէրը մեր հաւատաւոր ժողովուրդին նկատմամբ»: Անդրադառնալով հոգեւոարականի առաքելութեան, Սրբազանը շեշտեց, թէ «Մեր առաջին եւ հիմնական պարտականութիւնն է Աստուծոյ խօսքին քարոզութեամբ ժողովուրդը առաջնորդել առ Աստուած, որովհետեւ ինչքան մօտենանք Աստուծոյ, ապա այնքան եւս մեր խօսքն ու գործը կը ներկայացնեն Աստուծոյ կամքը»: Սրբազանը իր առաջնորդական քսան ամեայ ծառայութեան ձօնուած  պատարագը անուանեց «Ուխտի Պատարագ», որպէսզի «Հաւատքի նոր եռանդով շարունակենք ծառայել, քարոզելու Աստուծոյ խօսքը՝ մեզի զօրակից ունենալով Թեմի հոգեւորականաց դասը եւ անխտիր բոլորդ, որպէսզի մէկ սիրտ ու ոգի դարձած փառաւորենք սուրբ անունը Աստուծոյ, կազմենք Եկեղեցին, իր գլուխ ունենալով Քրիստոս, մեր հոգեւոր կապը անքակտելի պահելով մեր հաւատքի Մայրը՝ Սուրբ Էջմիածնի հետ, սիրելով հայրենիքը, պահել-պահպանելով  մեր հոգեւոր ու ազգային սրբութիւնները արտաշխարհի մէջ, որպէս կռուանը մեր ինքնութեան»: Սրբազանը հրաւիրեց բոլորը աղօթք բարձրացնելու առ Աստուած, որպէսզի Տէրը մշտապէս զօրացնէ զինք, եւ մաղթեց, որ բոլորը իրենց կեանքով, աղօթքով ու ծառայութեամբ ներգրաւուին եկեղեցւոյ կեանքին մէջ, կոչ ուղղելով հաւատացեալներուն իրենց զաւակները առաջնորդելու եկեղեցի, որ բոլորին հոգեւոր տունն է:

«Ուխտի այս պատարագը հրաշալի առիթ է որ անգամ մ՛եւս խոնարհած Աստուծոյ ներկայութեան երախտագիտական աղօթք կատարենք բոլորին համար ովքեր մեր առաջին քայլերէն սկսեալ զօրացուցին մեզ մեր ծառայութեան ճանապարհին» ըսաւ Սրբազանը, եւ աւելցուց.- « Ձեզ կը վստահեցնենք, որ Աստուծոյ կամօք պիտի շարունակենք ծառայել ձեզ: Անշուշտ դեռ շատ երազներ ունինք կեանքի կոչելու, առաւել ընդարձակելու Արեւմտեան Թեմը նոր համայնքներով ու եկեղեցիներով, դպրոցներով ու բազում նոր առաքելութիւններով, որոնք չափազանց կարեւոր են ապահովելու համար մեր երիտասարդներուն ու նորահաս սերունդներու հայ քրիստոնէական դաստիարակութիւնը»: Սրբազանը իր քարոզը փակեց ըսելով, «Եթէ պիտի յաջողինք, ապա միայն ձեր բոլորի աղօթքներով ու աշխոյժ մասնակցութեամբ»:

Պատարագին Սրբազան հօր առընթերակայութեամբ սպասարկեցին Արեւմտեան Թեմի քահանաներէն՝ Արժ. Տէր Նժդեհ Քհնյ. Քէշիշեան եւ հիւրաբար ժամանած Վրաստանի Թեմի քահանաներէն՝ Արժ. Տէր Կիրակոս Քհնյ. Սիմոնեան: Սուրբ Պատարագին ներկայ գտնուեցան Կիրակնօրեայ Դպրոցի խումբ մը աշակերտներ: Պատարագի  երգեցողութիւնը կատարեց Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարի «Շնորհալի» երգչախուբը, ղեկավարութեամբ՝ Արթիւր Սրկ. Վարդանեանի:

ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿ ԵՒ «ՎԵՐԱԿԵՐՏՈՒՄԻ ՏԱՐԻՆԵՐ» ՆԿԱՐԱԶԱՐԴ ՀԱՏՈՐԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ
Նոյն օր, Կիրակի 10 Դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 5:30ին, Հիւսիսային Ամերիկարին Արեւմտեան Թեմի եւ Մեքսիքոյի Առաջնորդ, Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանին նուիրուած յատուկ միջոցառում կազմակերպուեցաւ նուիրուած Սրբազանի Առաջնորդութեան 20 ամեակին, «Վերակերտումի Տարիներ» ընդհանուր խորագրով: Ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան ի Լոս Անճըլըս Գլխաւոր Հիւպատոս մեծայարգ Պրն․ Կարէն Իսրայէլեան, նախկին Գլխաւոր Հիւպատոս՝ մեծայարգ Դեսպան Տօքթ. Արմէն Պայպուրթեան, Ֆրեզնոյի Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ Հիւպատոս մեծայարգ Պրն․ Պերճ Աբգարեան, Թեմական Խորհուրդի ատենապետ Տէր եւ Տիկին Վարդան Նազիրեան, Գերշ․ Յովնան Եպիսկոպոս Յակոբեան, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Գուգարաց Թեմի Առաջնորդ, Արեւմտեան Թեմի հոգեւորականաց դասը, Թեմական Խորհուրդի նախկին ատենապետներ Տօքթ․ Վարուժան Այթըպարմաքեան, Տէր եւ Տիկին Ժոզէֆ Կանիմեան, Տէր եւ Տիկին Տերիք Շուկասեան, մեծ թիւով համայնքային ներկայացուցիչներ եւ հրաւիրեալներու բազմութիւն մը:

Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ Տէրունակամ աղօթքով, առաջնորդութեամբ Արժ. Տ. Խաժակ Քհնյ. Շահպազեանի, որմէ ետք գեղարուեստական ձեռնարկի  բացման խօսքը կատարեց կազմակերպիչ յանձնախումբ ատենապետ Տիար Տերիք Ղուկասեան: Պաշտօնական հայերէն եւ անգլերէն խօսքերով հանդէս եկան Թեմական Խորհուրդի ատենապետ Տիար Վարդան Նազիրեան, Հոգշ. Տ. Երեմիա Վրդ. Աբգարեան եւ Արժ. Վազգէն Քհնյ. Մովսէսեան: Պրն. Հայկ Մատոյան ներկայացուց «Վերակերտումի Տարիներ» նկարազարդ հայերէն-անգլերէն հատորը, ձօնուած Սրբազան հօր առաջնորդութամբ Արեւմտեան Թեմի ձեռքբերումներուն եւ ծրագիրներուն: Յայտագրի ընթացքին Առաջնորդարանի լրատուական գրասենեակին կողմէ պատրաստուած տեսայերիզին ճամբով անցնող տարիներուն Սրբազան հօր առաջնորդութեամբ եւ հաւաքական աշխատանքով իրականացած բազմաթիւ ձեռքբերումներու ու յաջողութիւններու ամփոփ ներկայացումը կատարուեցաւ:

Արտասանուած պաշտօնական բոլոր խօսքերուն ընդմէջէն արտայտութիւն գտան Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի ժողովականութեան, հոգեւոարականաց դասուն ու ժողովուրդին գնահատանքի ու երախտիքի զգացումները հանդէպ Սրբազան հօր անձին եւ հովուական ծառայութեան, աշխարհագրական ընդարձակ տարածաշրջանի մը համար, ուր անցնող տասնամեակներու ընթացքին հայութեան թիւը քանիցս բազմապատկուեցաւ։ Սրբազան հօր տքնաջան աշխատանքով նոր ծուխեր հաստատուեցան, եկեղեցիներ կառուցուեցան, եկեղեցապատկան կալուածներ գնուեցան, քահանայական ձեռնադրութիւններ կատարուեցան, կազմակերպուեցան հոգեւոր լսարաններ, Սուրբ Գրոց սերտողութիւններ, Առաջնորդարանը օժտուեցաւ Մատենադարով եւ Թանգարանով, լոյս տեսան հոգեբոյր գիրքեր, նոր շաբաթօրեայ ու կիրակնօրեայ դպրոցներ բացուեցան եւ շինարարական, հոգեւոր, կրթական, մշակութային տարբեր նախաձեռնութիւններ իրականացան, հասնելով Թեմի բազմապահանջ կարիքներուն, յանձնառութիւններուն, պատասխանատուութիւններուն եւ սպասումներուն: Արեւմտեան Թեմի եկեղեցական-համայնքային, հովուական-ծառայական, ազգային, մշակութային ու կրթական կեանքը այսօր կ՛ընթանայ նոր մարտահրաւէրներու ու վերակերտումի պայքարի ընդմէջէն, Առաջնորդ Սրբազանի իմաստուն ղեկավարութեան ներքոյ, աջակցութեամբ հոգեւորականաց դասուն, անոր գործակիցներուն եւ Թեմի ողջ տարածքին ծառայութեան լծուած հաւատաւոր հայրենակիցներուն:

Հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով արտասանուած խօսքերուն ընդմէջէն լուսարձակի տակ առնուեցաւ կոչումին խոր գիտակցութեամբ տոգորուած Գերշ. Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեանի անձնուիրութեամբ մատուցած ծառայութիւնը Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ, որ ճիգ ու ջանք չի խնայեր բարօր ու բարեկարգ պահելու օրէ օր բազմացող ծուխերը, համայնքային կեանքը, որոնց շնչաւոր բազկերակը կը հանդիսանայ մեր հաւատքի տունը՝ Եկեղեցին եւ բոլոր յարակից մարմիններն ու կառոյցները, որոնք կը սատարեն հայապահպանութեան առաքելութեան:

Սրբազանի ու բարի կամեցողներու հաւաքական ճիգերուն ու զոհողութեան շնորհիւ է, որ կանգուն են մեր եկեղեցիները, շէն են կրթական, մշակութային ու ազգային մեր կառոյցները, որոնք բոլորով միասին առողջ պահեցին ու կը պահեն մեր զաւակները, երիտասարդները, հայ ընտանիքը, որոնք համախմբուելով Սրբազանին շուրջ եւ մասնակցելով մեր հոգեւոր եւ հասարակական գործունէութիւններուն իրենց նիւթաբարոյական նպաստը կը բերեն թէ Հայաստանի հզօրացման եւ թէ Թեմի բազմաթիւ նպատակներու ու ծրագիրներու իրագործման:

Բոլորը հաստատեցին, թէ Սրբազանը յատկանշուած է իր համեստութեամբ, հեռատեսութեամբ, ծրագրաւորուած աշխատանքով եւ աշխատասիրութեամբ: Առաջնորդութեան 20 տարիներուն գործունէութեան մէջ Սրբազանի յաջողութիւններն ու ձեռքբերումները բարի արդիւնքն են իր նախանձախնդիր ու անյոգնաբեկ աշխատանքին: Սրբազանին բանիւ եւ գործով լրջութեամբ ծրագրեց, համեստութեամբ գործեց եւ հսկայական վաստակ կերտեց: Սրբազանին կեանքն ու գործունէութիւնը, բանիւ եւ գործով բաբախուն են հոգեւոր ապրումներով  ու հայրենասիրութեամբ,  Հայաստանն ու Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը առանցքը կազմելով իր ողջ էութեան, որուն արտացոլացումներն են անոր ելոյթները, քարոզները, պատգամներն ու հեղինակած բազմաթիւ հրատարակութիւնները: Սրբազանի ապրումները, խօսքերն ու գործերը յագեցած են լուսաւորչեան հայաբորբ հաւատքի սնուցմամբ եւ հայրենական շունչով:

Իրենց պաշտօնական խօսքերուն մէջ բոլորն ալ վկայեցին Սրբազանի անխոնջ ծառայութեան ու անկոտրում կամքին, Աստուծոյ ու իր  հօտին հանդէպ ունեցած յանձնառութեան եւ պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութեան մասին, եւ դրուատեցին անոր բազմամեայ ծառայութիւնները, բացառիկ աշխատասիրութիւնը, կորովի նուիրումը հանդէպ Հայրենիք՝ Հայաստան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին եւ իր  տիրախնամ գուրգուրանքին յանձնուած Արեւմտեան Թեմի սիրեցեալ զաւակները:  Վերջապէս, անոնք հաստատեցին, որ Առաջնորդ Սրբազանի ընտրութեան առաջին իսկ օրէն բոլորի մտքերուն առջեւ գծուեցան համեստութեան, խոնարհութեան, այլեւ յամառօրէն ծրագրողի ու գործողի մտապատկերները:

Գեղարոեւստական յայտագրով կրօնական ու հայրենասիրական երգերով ելոյթ ունեցաւ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարի «Շնորհալի» երգչախուբը, ղեկավարութեամբ՝ Արթիւր Սրկ. Վարդանեանի: Ապա ներկաներու յոտնկայս ծափողջոյններով մեծարեալ սրբազանը հրաւիրուեցաւ փոխանցելու իր հայրական սրտի խօսքը:

Սրբազանը իր փակման խօսքին մէջ ըսաւ, թէ «կեանքին մէջ կան հանգրուաններ երբ կ՛ուզենք ներհայեցողութեամբ վերաքաղել եւ արժեւորել մեր ապրած կեանքի ճանապարհը, որպէսզի ըստ այնմ նաեւ կառուցենք ապագայի մեր տեսլականը»: Անդրադառնալով անցնող քսան տարիներու ծառայական առաքելութեան, Սրբազանը ընդգծեց, թէ ձեռք բերուած բոլոր յաջողութիւններուն մէջ «պէտք է յստակ տեսնել հաւաքական աշխատանքի ոգին եւ պատկերը: Ձեռք ձեռքի տուած աշխատեցանք, կառուցեցինք եւ պիտի շարունակենք ծառայել յատկապէս այս դժուարին օրերուն զօրավիգ կանգնելով մեր հայրենքին՝ Հայաստանին եւ մեր մէջ արթուն պահելով Արցախ աշխարհի տեսիլքը, պիտի շարունակենք պայքարը ժողովուրդներու մեծ ընտանիքին մէջ»:

Սրբազանը հանդիսութիւնն ու արտասանուած խօսքերը առիթ համարեց «Համատեղ աշխատանքով ուրուագծելու մեր ապագայ հեռանկարները, որդեգրելու նոր ծրագրեր, որոնք պիտի ապահովեն Արեւմտեան Թեմի յարատեւութիւնը, Աստուծոյ փառքին համար եւ մեր ժողովուրդի հոգեւոր կենսունակութեան ի խնդիր»:

Ան սրտի անհուն բերկրանքով եւ երախտագիտական զգացումներով դիմեց բոլորին իրենց ցուցաբերած աջակցութեան համար ի նպաստ Արեւմտեան Թեմի ծրագիրներուն յաջողութեան, իր անձին հանդէպ ժողովուրդի տածած սիրոյն, յարգանքին ու վստահութեան համար, որոնք հնարաւորութիւն տուին իրականացնելու բազմաթիւ աստուածահաճոյ գործեր եւ նախաձեռնութիւններ:

Սրբազանը երախտագիտական իր սրտաբուխ աղօթքները առաքեց ամենաբարին Աստուծոյ, որ պաշտպան եւ ապաւէն եղաւ եւ Իր ամենառատ օրհնութիւններով առաւել ծաղկեցուց Թեմը իր եկեղեցիներով ու յարակից կառոյցներով: Սրբազանը շնորհակալութիւն եւ ակնածանք յայտնեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հովուապետական իր առաջնորդութեան եւ սիրոյն համար: Իր սէրն ու երախտագիտութիւնը յայտնեց հաւատացեալներուն՝ փառաւոր այն ժողովուրդին, որ մղիչ ուժը հանդիսացաւ կատարուող եւ կատարուեիլք բոլոր աշխատանքներու իրագործման ու յաջողութեանց մէջ: «Ուժերու գերագոյն լարումով պիտի կեդրոնանանք եկեղեցւոյ առաքելութեան եւ Աստուծոյ խօսքի քարոզութեան վրայ» ըսաւ Սրբազանը իր խօսքին մէջ:

Յիշելով Թեմի պատգամաւորական վերջին ժողովի նիստերը, Սրբազանը անդրադարձաւ, որ ժողովի նիստերուն բաժնուեցան այն մտահոգութիւններն ու տեսիլքները, նոր մտքերն ու առաջարկները եւ այն հաստատ համոզումը՝ թէ բոլորին բարի իղձերը առաւել կ՛արդիւնաւորուին երբ վերանորոգենք ու բարեզարդենք մեր կեանքը: Սրբազանը մասնաւորաբար անդրադարձաւ բարեկարգութեան կարեւորութեան: Ան ըսաւ.-«Կը գիտակցինք, որ ոեւէ կառոյցի մը բարեկարգումը կը սկսի նախ մարդու մը սեփական անձէն: Եկեղեցւոյ բարեկարգումն ալ կը սկսի մեր բարեկարգումով: Հետեւաբար, յառաջիկային համար մեր  պարտքը կը համարենք հոգեւորականաց նոր սերունդի պատրաստութիւնը՝ Սուրբ Էջմիածնի խորհուրդով ու մեր նախնեաց լոյս հաւատքին ներշնչումով»:

Խօսելով երիտասարդութեան մասին, Սրբազանը ըսաւ, թէ Արեւմտեան Թեմին նպատակն է առաւել եւս խթանել երիտասարդական առաքելութիւնները ծխական եւ թեմական մակարդակով, որովհետեւ երիտասարդութեամբ է երաշխաւորուած կենսական գալիք տարիները: Սրբազանը վերահաստատեց թէ պիտի շարունակէ զօրակցիլ հայ դպրոցներուն ի գին ամէն զոհողիւթեան, որպէսզի հայ երիտասարդը ապրի հայրենական կարօտով ու նուիրումով:

Սրբազանը իր  շնորհակալութիւնները յայտնեց Թեմի հոգեւորականներուն, թեմական ու ծխական մարմիններուն, Արեւմտեան Թեմի ողջ անձնակազմին եւ հաւատացեալներուն, հրաւիրելով բոլորը ապրելու սիրով ու զոհաբերութեամբ՝ աստուածահաճոյ առաքելութեան ի խնդիր:  «Մեր կեանքի ճանապարհորդութեան ընթացքին կը հանդիպինք  մարտահրաւէրներու եւ անթիւ խոչընդոտներու: Հաւատքը կը մնայ մեծագոյն ոյժը բոլոր դժուարութիւններուն դէմ պայքարելու համար» ըսաւ Սրբազանը, կոչ ուղղելով բոլորին ըլլալու հեռատես պատասխանատուներ եւ  մեր համայնքին զաւակները մղելու դէպի հոգեւոր աճ եւ կատարելութիւն: Սրբազանի խօսքէն ետք, Թեմական Խորհուրդի ատենապետ Պրն․ Վարդան Նազիրեան, որպէս երախտագիտութեան արտայայտութիւն, Արեւմտեան Թեմին անունով պանակէ մը նուիրեց Սրբազան հօր։

Սրբազանը իր խօսքը եզրափակեց աղօթքով:

Հանդիսութենէն վերջ «Գալայճեան» սրահէն ներս կատարուեցաւ «Վերակերտումի Տարիներ» հատորի գինեձօնի արարողութիւնը, որմէ օրինակներ բաժնուեցան ներկաներուն: Ապա երաժշտական կատարման ներքոյ կայացաւ ի պատիւ Սրբազանին սարքուած ընդունելութիւնը: Ներկաները շնորհաւորրեցին Սրբազանի երկարամեայ վաստակն ու ձեռք բերած բոլոր յաջողութիւնները եւ անոր մաղթեցին քաջառողջութիւն եւ արեւշատութիւն, որպէսզի կարողանայ շարունակել իր Աստուածատուր առաքելութիւնը որպէս  հաւատքի եւ գործի մարդ, եւ պահէ ու պահպանէ օր ըստ օրէ առաւել եւս ծաւալող ու ծաղկող Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմը:

Դիւան Առաջնորդարանի

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment