ՀՀ Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան ընդունած է Հայաստանի մէջ ԵՄ նոր գործընկերութեան առաքելութեան պատուիրակութիւնը ԵՄ արտաքին գործողութիւններու ծառայութեան քաղաքացիական գործողութիւններու հրամանատար եւ կառավարող տնօրէն Սթեֆանօ Թոմաթի գլխաւորութեամբ:
ԱԽ քարտուղարը ողջունած է առաքելութեան ստեղծումն ու տեղակայումը Հայաստանի մէջ՝ կարեւորելով վերջին տարիներուն ԵՄ-ի կողմէ Հայաստանին ցուցաբերուող բազմակողմ աջակցութիւնը, ինչպէս նաեւ դիմակայունութեան ամրապնդման ուղղուած կարողութիւններու զարգացման շուրջ իրականացուող միջոցառումները:
Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները քննարկած են նաեւ հետագայ համագործակցութեան առնչուող հարցեր: Վերոնշեալի լոյսին տակ, քարտուղար Գրիգորեան վստահութիւն յայտնած է, որ առաքելութեան եւ ՀՀ պետական մարմիններուն միջեւ սերտ համագործակցութիւնը պիտի նպաստէ առաքելութեան մանտաթով նախատեսուած խնդիրներու լիարժէք եւ արդիւնաւէտ իրականացման:

