Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՄՆ Կ’ողջունէ Ձերբակալուած Հայ Եւ Ատրպէյճանցի Զինուորներու Փոխանակումը

ԱՄՆ Կ’ողջունէ Ձերբակալուած Հայ Եւ Ատրպէյճանցի Զինուորներու Փոխանակումը

by MassisPost

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները կ’ողջունէ ձերբակալուած հայ եւ ատրպէյճանցի զինուորներու Դեկտեմբեր 13-ի փոխանակումը, յայտնած է Պետական Քարտուղարութեան մամուլի խօսնակ Մեթիու Միլլըրը։

«Մենք կը խրախուսենք այդ քայլը: Մենք քննարկումներ կատարած ենք երկու կառավարութիւններուն հետ, Միացեալ Նահանգները կ’ողջունէ գերեվարուած հայ եւ ատրպէյճանցի քաղաքացիներու վերադարձը եւ կը հաղորդէ, որ կը քննարկուին վստահութեան ամրապնդման լրացուցիչ միջոցներ», ըսած է Միլլըր:

Անոր խօսքով՝ Ուաշինկթըն կը շարունակէ հաւատալ, որ խաղաղութիւնը հնարաւոր է, եթէ երկու կողմերն ալ ձգտին անոր:

«ԱՄՆ պիտի շարունակէ աշխատիլ այս ուղղութեամբ Պաքուի եւ Երեւանի հետ», աւելացուցած է Մեթիու Միլլըր։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment