Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի Հետ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Գործընթացը Պիտի Շարունակուի Ատրպէյճանի Հետ Համաձայնեցուած. Թուրքիոյ ԱԳՆ

Հայաստանի Հետ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Գործընթացը Պիտի Շարունակուի Ատրպէյճանի Հետ Համաձայնեցուած. Թուրքիոյ ԱԳՆ

by MassisPost

Հարաւային Կովկասի մէջ ամուր խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովումը Անքարայի արտաքին քաղաքական առաջնահերթութիւններէն մէկն է։ Սա արտացոլուած է Թուրքիոյ Արտաքին գործերու նախարարութեան 2026 թուականի գործունէութեան ծրագրին մէջ։

Փաստաթուղթին մէջ կ’ըսուի, որ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը պիտի շարունակուի Ատրպէյճանի հետ սերտ խորհրդակցութիւններու եւ համաձայնեցման պայմաններու մէջ։ Թուրքիան նաեւ պիտի շարունակէ աջակցել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացին։

Թուրքիոյ ԱԳՆ-ն նշած է,  որ  Ատրպէյճանին  ցուցաբերուող  աջակցութիւնը պիտի ըլլայ ուժեղ՝ Հարաւային Կովկասի մէջ  հակամարտութիւններու  կարգաւորման  նպաստելու  եւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովման նպատակով։

Փաստաթուղթին մէջ կ’ընդգծուի, որ թուրք-հայկական եւ ատրպէյճանա-հայկական  գործընթացները պէտք է առջեւ շարժին համաձայնեցուած՝ տարածաշրջանին մէջ երկարաժամկէտ կայունություն, բարգաւաճում եւ անվտանգութիւն ապահովելու համար։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment