Հայաստանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ «Թրամփի ուղի՝ յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման» նախագիծի՝ ԹՐԻՓՓ-ի վերաբերեալ ռազմավարական համագործակցութեան շրջանակային համաձայնագրի վաւերացման հարցը ընդգրկուած է կառավարութեան Յուլիս 16-ի նիստի օրակարգին վրայ։
Չզեկուցուող նախագիծով կառավարութիւնը կ’առաջարկէ հաւանութիւն տալ համաձայնագիրը վաւերացնելու մասին օրէնքի նախագիծին։
Շրջանակային համաձայնագիրը ստորագրուած է 2026 թուականի Յունիս 1-ին՝ Ուաշինկթընի մէջ եւ Յունիս 4-ին՝ Երեւանի մէջ։
Կառավարութեան որոշման նախագիծով կը նախատեսուի համաձայնագրին մէջ ամրագրուած պարտաւորութիւններու՝ Հայաստանի Սահմանադրութեան համապատասխանութիւնը որոշելու նպատակով դիմել Սահմանադրական դատարան։
Սահմանադրական դատարանին կողմէ համաձայնագրին մէջ ամրագրուած պարտաւորութիւնները Սահմանադրութեան համապատասխանող ճանչնալու պարագային կառավարութեան օրէնսդրական նախաձեռնութիւնը սահմանուած կարգով պիտի ներկայացուի Ազգային Ժողով։
Սահմանադրական դատարանին մէջ կառավարութեան ներկայացուցիչ պիտի նշանակուի արտաքին գործերու նախարարի տեղակալ Վահան Կոստանեանը։
Նախագիծի հիմնաւորման համաձայն՝ օրէնքի ընդունմամբ պիտի ապահովուին ԹՐԻՓՓ-ի վերաբերեալ Հայաստանի եւ ԱՄՆ-ի ռազմավարական համագործակցութեան շրջանակային համաձայնագրի ուժի մէջ մտնելու համար անհրաժեշտ ընթացակարգերը։
Օրէնքի նախագիծը մշակուած է Հայաստանի Արտաքին գործերու նախարարութեան կողմէ եւ կը բխի ԱՄՆ-ի հետ յարաբերութիւնները բազմակողմանիօրէն զարգացնելու՝ կառավարութեան առաջնահերթութիւններէն։

