Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Լեմքինի Անուան Հիմնարկը ԱՄՆ-ին Կոչ Ըրած Է Պաշտպանելու Հայերը՝ Երուսաղէմի Մէջ «Կովերու Այգի» Տարածքի Շուրջ Վէճին Մէջ

Լեմքինի Անուան Հիմնարկը ԱՄՆ-ին Կոչ Ըրած Է Պաշտպանելու Հայերը՝ Երուսաղէմի Մէջ «Կովերու Այգի» Տարածքի Շուրջ Վէճին Մէջ

by MassisPost

Լեմքինի անուան Ցեղասպանութեան կանխարգիլման հիմնարկը Միացեալ Նահանգներուն եւ Իսրայէլի այլ դաշնակիցներուն կոչ ըրած է պարտաւորութիւն ստանձնելու հայ համայնքին երաշխաւորելու պատշաճ իրաւական աջակցութիւն Հայկական թաղամասի «Կովերու այգի» տարածքին շուրջ վէճին մէջ: Այս մասին կ’ըսուի հիմնարկի յայտարարութեան մէջ։

Նոյեմբեր 1-ին Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Երուսաղէմի պատրիարքարանը նամակ յղած է Xana Gardens Ltd ընկերութեան՝ չեղեալ համարելու 2021 թուականի Յուլիս 8-ի պայմանագիրը, ըստ որուն՝ տարածքը 99 տարիով վարձակալութեան յանձնուած է գործարար Տենիել Ռուպինշթէյնին՝ հիւրանոց կառուցելու համար։ Անկէ յետոյ իրավիճակը լարուած է, կողմերուն միջեւ պարբերաբար բախումներ տեղի կ’ունենան։

Հիմնարկը խորապէս մտահոգուած է Երուսաղէմի մէջ հայկական թաղամասի ամբողջականութեան սպառնալիքով։ Յայտարարութեան մէջ, մասնաւորապէս, կ’ընդգծուի, որ այս տարուայ աշնան հայերը արդէն կորսնցուցած են պատմական կարեւոր հող՝ Լեռնային Ղարաբաղը, որուն բնակչութիւնը ատրպէյճանական յարձակման պատճառով ստիպուած եղած է լքել իր տուները։

«Չնայած Երուսաղէմի մէջ հայ բնակչութիւնը այսօր փոքրաթիւ է, սակայն Հայկական թաղամասը կը շարունակէ մնալ սփիւռքի կարեւոր մասը: Այն պահպանուածներէն այսօր ապրող հնագոյն հայկական սփիւռքն է», կ’ըսուի յայտարարութեան մէջ:

Հիմնարկը ընդգծած է, որ Երուսաղէմի հայկական թաղամասի մշակութային ժառանգութիւնը պէտք է պաշտպանուած ըլլայ կառուցապատողներէն։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment