Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հանդէս Եկած Ենք Նախաձեռնութեամբ Հայ-Ատրպէյճանական Միջպետական Սահմանէն Զօրքերու Ետքաշման Շուրջ․ Արարատ Միրզոյեան

Հանդէս Եկած Ենք Նախաձեռնութեամբ Հայ-Ատրպէյճանական Միջպետական Սահմանէն Զօրքերու Ետքաշման Շուրջ․ Արարատ Միրզոյեան

by MassisPost

«Հայ ատրպէյճանական բանակցութիւններում հանդէս ենք եկել հայ-ատրպէյճանական միջպետական սահմանից զօրքերի ետքաշման շուրջ նախաձեռնութեամբ»: Էսթոնիոյ արտաքին գործերու նախարար Մարկուս Ցահքնայի հետ մամուլի ասուլիսի ժամանակ այս մասին  նշեց ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան։

Միրզոյեան յաւելեց, որ զօրքերու ետքաշումը դրական ազդեցութիւն կ’ունենայ եւ կ’օգնէ կանխելու հնարաւոր նոր մագլցումը. «այստեղ չեմ ասում, որ ունենք համաձայնութիւն։ Սա գաղափար է, որը քննարկւում է»։

Միրզոյան  յոյս յայտնած է, որ հայ-ատրպէյճանական փոխադարձ քայլերը դրական ազդեցութիւն պիտի ունենան երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման վրայ. «Հիմնական գործընթացը, այնուամենայնիւ, խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ բանակցութիւններն են։ Կարծում եմ, որ Ատրպէյճանը պէտք է վերադառնայ բանակցութիւնների սեղան հանդիպումների ձեւաչափով։ Առիթ ունեցել ենք ասելու, որ գործի մեծ մասն արուած է, եւ հիմա մեզ պէտք է հանդիպել եւ պայմանաւորուածութիւնների գալ էական հարցերում վերջնական ձեւակերպումների շուրջ»։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment