Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ 79 Տարեկանին Կեանքէն Հեռացած Է Բաբկէն Արարքցեանը

79 Տարեկանին Կեանքէն Հեռացած Է Բաբկէն Արարքցեանը

by MassisPost

79 տարեկանին կեանքէն հեռացած է Հայոց համազգային շարժման հիմնադիր-անդամ, Ազգային Ժողովի նախկին նախագահ Բաբկէն Արարքցեանը. Այս մասին յայտնած է Հայ Ազգային Գոնկրէս կուսակցութեան փոխնախագահ Արամ Մանուկեանը։

Բաբկէն Արարքցյանը եղած է «Ղարաբաղ» կոմիտէի անդամ: 1988-ի Դեկտեմբեր 10-ին ձերբակալուած եւ մինչեւ 1989-ի Մայիսի վերջը բանտարկուած է «Ղարաբաղ» կոմիտէի միւս անդամներուն հետ:

Ան 1990-1991-ին Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդի նախագահի առաջին տեղակալն էր, իսկ 1991-ին ընտրուած է ԳԽ նախագահ եւ ղեկավարած է մինչեւ 1995 թուականը։ Այդ տարիներուն Արարքցեանը նաեւ եղած է Հանրաքուէի կեդրոնական յանձնաժողովի նախագահ, ապա ԳԽ Սահմանադրական յանձնաժողովի համանախագահ:

1995-ի Յուլիս 27-ին Արարքցեանը ընտրուած է Ազգային Ժողովի նախագահ՝ դառնալով Հայաստանի առաջին գումարման ԱԺ նախագահը։ Այդ պաշտօնէն հրաժարական տուաւ 1998-ին՝ Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի խումբին հետ միաժամանակ։

Արարքցեան հիմնադրած ու ղեկավարած է «Արմատ» հասարակական կազմակերպութիւնը։ Ան աւելի քան 30 գիտական աշխատութիւններու եւ բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու դասագիրքերու հեղինակ է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment