Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Հեռուստամարաթոն 2023». Այս Պահի Դրութեամբ Հանգանակուած Է 8,4 Միլիոն Տոլար

«Հեռուստամարաթոն 2023». Այս Պահի Դրութեամբ Հանգանակուած Է 8,4 Միլիոն Տոլար

by MassisPost

Նոյեմբեր 23-ին «Քեզ համար, Հայաստան» խորագրով տեղի ունեցած «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի 26-րդ հեռուստամարաթոնի ընթացքին այս պահի դրութեամբ հաւաքագրուած է շուրջ 8,4 միլիոն տոլար: Այս մասին հաղորդած է Հիմնադրամը՝ յաւելելով, որ դրամահաւաք-միջոցառումները դեռ կը շարունակուին, իսկ վերջնական արդիւնքները պիտի ամփոփուին տարեվերջին:

Հաղորդագրութեան համաձայն՝ «Հեռուստամարաթոն 2023»-ի ծիրին մէջ Հայաստանի մէջ հանգանակուած է 552 հազար 372 տոլար, Ֆրանսայի տեղական մարմինը հաւաքագրած է 3 միլիոն 250 հազար տոլար, ԱՄՆ տեղական մարմինը՝ 3 միլիոն 100 հազար տոլար, Թորոնթոյի (Գանատա) տեղական մարմինը՝ 500 հազար տոլար, Բրիտանիոյ տեղական մարմինը՝ 450 հազար տոլար, Արժանթինի տեղական մարմինը՝ 160 հազար 690 տոլար, ինչպէս նաեւ նուիրատուութիւններ կատարուած են Հոլանտայէն՝ 100 հազար տոլար, Պրազիլէն՝ 92 հազար տոլար, Գերմանիայէն՝ 66 հազար 400 տոլար, Զուիցերիայէն՝ 50 հազար տոլար, Աւստրալիայէն՝ 27 հազար տոլար, Աւստրիայէն՝ 25 հազար 900 տոլար, Ռումանիայէն՝ 4 հազար 360 տոլար։

«Քեզ համար, Հայաստան» խորագրով հեռուստամարաթոնի դրամական միջոցները պիտի ուղղուին Արցախէն բռնի տեղահանուած մեր հայրենակիցներու կենսապայմաններու բարելաւման, ինչպէս նաեւ սահմանային համայնքներու զարգացման ուղղուած ծրագրերու ֆինանսաւորման», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

«Շնորհակալ ենք մեր տեղական մարմիններուն, բոլոր գործընկերներուն եւ նուիրատուներուն շարունակական աջակցութեան, անմնացորդ նուիրումի եւ Հայրենիքի կողքին կանգնելու համար, ինչին շնորհիւ պիտի բարելաւուի մեր տասնեակ հազարաւոր հայրենակիցներուն կեանքը»,  յայտարարած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment