Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Մանուէլ Գրիգորեանէն Յօգուտ ՀՀ Պետական Պիւտճէին Պիտի Բռնագանձուի Շուրջ 1 Միլիառ 800 Միլիոն Դրամ, 8 Ինքնաշարժ

Մանուէլ Գրիգորեանէն Յօգուտ ՀՀ Պետական Պիւտճէին Պիտի Բռնագանձուի Շուրջ 1 Միլիառ 800 Միլիոն Դրամ, 8 Ինքնաշարժ

by MassisPost

Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան քրէական դատարանը հրապարակած է ԵԿՄ նախկին նախագահ Մանուէլ Գրիգորեանի եւ անոր կնոջ՝ Նազիկ Ամիրեանի գործով վճիռը, ըստ որուն, վերջիններս մեղաւոր ճանչցուած են ՀՀ Քրէական օրէնսգիրքով նախատեսուած քանի մը յանցանքներու մէջ, ինչպէս յայտնած է ՀՀ դատական իշխանութեան թելեկրամեան ալիքը։

Վճիռի օրինական ուժի մէջ մտնելէն յետոյ Մ․ Գրիգորեանէն յօգուտ ՀՀ պետական պիւտճէին պիտի բռնագանձուի շուրջ մէկ միլիառ ութ հարիւր միլիոն դրամ, 8 ինքնաշարժ, բացի անկէ՝ շուրջ 8 հազարի հասնող «զինուորի բաժին» մակնշմամբ մթերք, հանդերձանք, դեղորայք պիտի տրուի ԵԿՄ-ին, իսկ քանի մը տասնեակ հազարի հասնող զէնք եւ զինամթերք պիտի տրուի ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան տնօրինման։ Դատարանին որոշմամբ այս գործով տուժողի իրաւայաջորդ Յ. Թորոսեանին պիտի վերադարձուի Վաղարշապատի մէջ գտնուող մէկ պենզինի կայարան։

Նազիկ Ամիրյեանէն պիտի բռնագանձուի շուրջ հարիւր մէկ միլիոն երկու հարիւր հազար դրամ, իսկ անոր հաշիւները, շարժական, անշարժ գոյքերը պիտի մնան կալանքի տակ՝ մինչեւ դատավճիռի կատարումը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment