Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ատրպէյճանական Կողմը Հաստատած Է Իր Մասնակցութիւնը Նոյեմբեր 30-ին Սահմանին Հրաւիրուած Հանդիպման

Ատրպէյճանական Կողմը Հաստատած Է Իր Մասնակցութիւնը Նոյեմբեր 30-ին Սահմանին Հրաւիրուած Հանդիպման

by MassisPost

Ատրպէյճանի Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը յայտնած է, որ Նոյեմբեր 30-ին հայ-ատրպէյճանական սահմանին պիտի կայանայ սահմանազատման յանձնաժողովի նիստ։

Յիշեցնենք, որ ՀՀ Արտաքին Գործերու Նախարարութենէն յայտնած էին, որ ըստ նախնական պայմանաւորուածութեան՝ Նոյեմբեր 30-ին Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան պետական սահմանին տեղի պիտի ունենայ երկու երկիրներու` ՀՀ կողմէ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման ու սահմանային անվտանգութեան հարցերով յանձնաժողովի եւ Ատրպէյճանի կողմէ՝ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման պետական յանձնաժողովի հերթական հանդիպումը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment