Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Գլխաւոր Դատախազութիւնը Կը Պահանջէ Գագիկ Ծառուկեանէն Բռնագանձել 79 Անշարժ Գոյք, 42 Փոխադրամիջոց, 86 Միլիառ Դրամ, 39 Իրաւաբանական Անձերու Բաժնեմասեր Եւ Բաժնետոմսեր

Գլխաւոր Դատախազութիւնը Կը Պահանջէ Գագիկ Ծառուկեանէն Բռնագանձել 79 Անշարժ Գոյք, 42 Փոխադրամիջոց, 86 Միլիառ Դրամ, 39 Իրաւաբանական Անձերու Բաժնեմասեր Եւ Բաժնետոմսեր

by MassisPost

Գլխաւոր Դատախազութեան ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման գործերով վարչութեան մէջ 2020 թուականի Հոկտեմբեր 8-ին սկսած է ուսումնասիրութիւն՝ Գագիկ Ծառուկեանին պատկանող գոյքի առնչութեամբ:

Ուսումնասիրութեան ընթացքին Վարչութիւնը, իրացնելով «Ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման մասին» օրէնքով նախատեսուած իր լիազօրութիւնները, համապատասխան հարցումներ կատարած է տարբեր պետական եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններ, հաւաքած է անհրաժեշտ տեղեկատուութիւն, այդ շարքին՝ դրամատնային գաղտնիք կազմող տուեալներ, ինչի արդիւնքով, կատարուած ուսումնասիրութեամբ բացայայտուած եւ օրինական եկամուտներով չհիմնաւորուող գոյքի նկատմամբ հայցի նախնական ապահովման միջոցներ կիրառելու դիմում ներկայացուած է դատարան:

Դատարանին որոշմամբ՝ Գագիկ Ծառուկեանին եւ անոր փոխկապակցուած անձերու արգիլուած է կատարել շարք մը անշարժ եւ շարժական գոյքերու տնօրինման հետ կապուած գործողութիւններ:

Ուսումնասիրութեամբ շահագրգիռ անձեր ծանօթացած են ուսումնասիրութեամբ հաւաքուած տուեալներուն, անոնց տրուած է դիրքորոշում ներկայացնելու հնարաւորութիւն, սակայն Վարչութեան կողմէ ապօրինի գնահատուած գոյքերու ձեռբերման օրինականութիւնը հիմնաւորող տուեալներ շահագրգիռ անձեր տակաւին չեն ներկայացուցած:

Այնուհետեւ, Գագիկ Ծառուկեանին պատկանող գոյքի առնչութեամբ սկսած ուսումնասիրութեան բերումով 2023 թուականի Հոկտեմբեր 9-ին Հակփտածութեան դատարան ներկայացուած է ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման վերաբերեալ հայցադիմում, որ 2023 թուականի Հոկտեմբեր 10-ին ընդունուած է վարոյթ:

Համաձայն հայցադիմումին՝ ՀՀ Գլխաւոր Դատախազութեան ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման գործերով վարչութիւնը պահանջ ներկայացուցած է դատարանին Գագիկ Ծառուկեանէն եւ անոր փոխկապակցուած անձերէ յօգուտ Հայաստանի Հանրապետութեան բռնագանձել.

79 անշարժ գոյք.

42 փոխադրամիջոց.

Չնոյնականացուած 8 փոխադրամիջոցներու ձեռքբերման արժէք՝ 348 միլիոն 194 հազար դրամ.

Զիջուած պահանջի իրաւունքի գումար՝ շուրջ 33 միլիոն դրամ.

10 անշարժ գոյքի, որոնք օրէնքի իմաստով կը պատկանին Գագիկ Ծառուկեանին, շուկայական արժէք.

39 իրաւաբանական անձերու բաժնեմասէր եւ բաժնետոմսեր.

63 միլիառ դրամի փոխառութիւններու պահանջի իրաւունք.

12 ֆիզիքական եւ իրաւաբանական անձերու (որոնց հնարաւոր չէ եղած նոյնականացնել) տրամադրուած փոխառութիւններու գումարի չափ գումար՝ շուրջ 16,8 միլիառ դրամ.

86 միլիառ 400 միլիոն դրամի բռնագանձման պահանջ, որ կը հանդիսանայ ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի օգտագործումէն ստացուած եկամուտներու եւ օրինական եկամուտներով չհիմնաւորուող վճարումներու, փոխանցումներու եւ այլ ելքերու հանրագումար:

Յիշեցնենք, որ 2020 թուականին յարուցուած քրէական գործով (վարոյթով) Գագիկ Ծառուկեանը ներգրաւուած է որպէս մեղադրեալ, որմէյ յետոյ Գլխաւոր Դատախազութեան Ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման գործերով վարչութեան մէջ ստացուած են անհրաժեշտ այն տեղեկութիւնները, որոնց հիմքով 2020 թուականի Հոկտեմբեր 8-ին սկսած է Գագիկ Ծառուկեանին պատկանող գոյքի ուսումնասիրութիւն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment