Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ԱՄՆ Հայաստանին Պիտի Տրամադրէ Յաւելեալ Աւելի Քան 4 Միլիոն Տոլար՝ ԼՂ-էն Բռնի Տեղահանուածներուն Աջակցելու Նպատակով

ԱՄՆ Հայաստանին Պիտի Տրամադրէ Յաւելեալ Աւելի Քան 4 Միլիոն Տոլար՝ ԼՂ-էն Բռնի Տեղահանուածներուն Աջակցելու Նպատակով

by MassisPost

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները նոյեմբերի 21-ին ԱՄՆ Միջազգային Զարգացման Գործակալութեան (ԱՄՆ ՄԶԳ) միջոցով յայտարարած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններէն տուժած մարդոց կարիքները հոգալու նպատակով աւելի քան 4,1 միլիոն տոլար գումարի չափով յաւելեալ մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու մասին։

Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է ԱՄՆ Միջազգային Զարգացման Գործակալութեան հայաստանեան առաքելութիւնը, նշելով, որ յաւելեալ ֆինանսաւորման հետ միասին 2020 թուականէն ի վեր Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրավիճակի արձագանգման ուղղուած՝ ԱՄՆ-ի մարդասիրական օգնութիւնը կազմած է մօտ 28 միլիոն ԱՄՆ տոլար:

Հաղորդագրութեան մէջ կը շեշտուի, որ Սեպտեմբեր 19-20-ին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ատրպէյճանի ռազմական գործողութեան հետեւանքով աւելի քան 100.000 մարդ տեղահանուած է Հայաստան, ինչի արդիւնքով ի յայտ եկած են մարդասիրական անյետաձգելի կարիքներ։

«Այս յաւելեալ աջակցութեան միջոցով, ԱՄՆ ՄԶԳ-ն կ’աջակցի Լեռնային Ղարաբաղէն տեղահանուած եւ Հայաստան ապաստանած՝ խոցելի վիճակի մէջ գտնուող գրեթէ 74.000 փախստականներու եւ տեղահանուած անձերու հրատապ մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու ջանքերուն: Այս ֆինանսաւորման շնորհիւ պիտի աւելնայ կենսական նշանակութեան պարէնային օգնութեան ծաւալը, պիտի տրամադրուի մարդասիրական պաշտպանութիւն եւ արտակարգ իրավիճակներու համար նախատեսուած ժամանակաւոր ապաստան:

«ԱՄՆ կանգնած է Ատրպէյճանի ռազմական գործողութենէն տուժած քաղաքացիական անձերու կողքին եւ կ’աջակցի Հայաստանի կառավարութեան՝ կարիքի մէջ գտնուող մարդոց օգնելու ջանքերուն», կ’ընդգծուի հաղորդագրութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment