Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ատրպէյճանը Առանց Միջնորդներու Հանդիպում Կ’առաջարկէ Հայաստանին

Ատրպէյճանը Առանց Միջնորդներու Հանդիպում Կ’առաջարկէ Հայաստանին

«Փոխադարձաբար Ընդունելի Վայրի Ընտրութիւնը Կամ Պետական Սահմանին Հանդիպելու Որոշումը Կը Պատկանի Երկու Երկիրներուն»

by MassisPost

«Ատրպէյճանը պատրաստ է Հայաստանի հետ երկկողմ ուղիղ բանակցութիւններու՝ խաղաղութեան համաձայնագրի շուտափոյթ աւարտին համար», յայտարարած է Ատրպէյճանի Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը:

«Մենք կը կարծենք, որ երկու երկիրները պէտք է միասին որոշեն իրենց յարաբերութիւններու ապագան», կը պնդէ պաշտօնական Պաքուն եւ կ’ընդգծէ.  «Բանակցութիւններուն մէջ այս լճացումը չի նպաստեր տարածաշրջանի կայունութեան»։

«Խաղաղ գործընթացի շարունակման պատասխանատուութիւնը, այդ շարքին՝ փոխադարձաբար ընդունելի վայրի ընտրութիւնը կամ պետական սահմանին հանդիպելու որոշումը, կը պատկանի երկու երկիրներուն», կը շեշտէ Ատրպէյճանի դիւանագիտական գերատեսչութիւնը՝ հայկական կողմին յորդորելով «խուսափիլ նոր անհարկի ձգձգումներէ»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment