Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ստորագրուեցաւ Հայաստանի Մէջ ԵՄ Առաքելութեան Կարգավիճակի Վերաբերեալ Համաձայնագիրը

Ստորագրուեցաւ Հայաստանի Մէջ ԵՄ Առաքելութեան Կարգավիճակի Վերաբերեալ Համաձայնագիրը

by MassisPost

Արտաքին Գործերու Նախարարութեան մէջ կայացած է «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ Հայաստանի մէջ ԵՄ առաքելութեան կարգավիճակի վերաբերեալ» համաձայնագրի պաշտօնական ստորագրման արարողութիւնը:

Արտաքին Գործերու Նախարարութեան լրատուական վարչութեան փոխանցմամբ՝ համաձայնագիրը հայկական կողմէ ստորագրած է ՀՀ արտաքին գործերու նախարարի տեղակալ Պարոյր Յովհաննիսեանը, իսկ ԵՄ-ի կողմէ՝ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Վասիլիս Մարակոսը:

Պարոյր Յովհաննիսեանի փոխանցմամբ՝ համաձայնագիրը պէտք է նպաստէ ԵՄ առաքելութեան գործունէութեան աւելի արդիւնաւէտ իրականացման. «Խօսքը դիտորդների համար դիւրին պայմաններ ստեղծելու մասին է՝ սկսած առողջապահութիւնից մինչեւ տեխնիկական խնդիրներ: Դա նման է այն լիազօրություններին, որոնք ունեն դիւանագէտները իւրաքանչիւր երկրում»:

Այս պահին, ըստ փոխնախարարին, խօսքը դիտորդներու թիւի աւելացման, կարողութիւններու ուժեղացման մասին է, «մանտաթի մասին դեռ վաղ է խօսիլ»: «Երրորդ կողմերից Գանատան է միացել առաքելութեանը, կայ հետաքրքրութիւն այլ երկրներից եւս», ըսած է Յովհաննիսեան:

Ըստ «Ազատութեան» աղբիւրներուն՝ Հայաստանի մէջ ԵՄ դիտորդներուն թիւը աւելցուած է 70-ով:

ԵՄ դեսպան Վասիլիս Մարակոսը, իր հերթին, ընդգծած է. «Մենք կը հաւատաք, որ սա պիտի ամրապնդէ մարդոց անվտանգութիւնը, մենք նաեւ կը նպաստենք տարածաշրջանին մէջ վստահութեան ամրապնդման: ԵՄ-ն յանձնառու է տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման, եւ սա մեր գործիքներէն մէկն է, որ ունինք Հայաստանի մէջ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment