Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հնդկաստանը Հայաստանին «Marg 155» Ինքնագնաց Հաուպիցներ Պիտի Տրամադրէ

Հնդկաստանը Հայաստանին «Marg 155» Ինքնագնաց Հաուպիցներ Պիտի Տրամադրէ

by MassisPost

Հրետանային համակարգերու արտադրութեամբ զբաղող հնդկական Bharat Forge ընկերութիւնը հաստատած է, որ վերջերս ցուցադրուած «MArG 155» անուաւոր ինքնագնաց հաուպիցները նախատեսուած են Հայաստանի համար: Այս մասին կը հաղորդէ idrw.org-ը (Indian Defense Research Wing):

Հաղորդագրութեան համաձայն՝ «MArG 155»-ը արդիական հրետանային համակարգ է, որուն մէջ միաւորուած են հզօրութիւնը, ճշգրտութիւնը եւ շարժունակութիւնը: 155 միլիմեթր/39 տրամաչափի թնդանօթով, քարշակող 4 անիւներով համակարգը բացառիկ մանեւրականութիւն կ’ապահովէ որեւէ տեղանքի մէջ: Մինչեւ 30 աստիճան անկիւնները յաղթահարելու, «կրակել եւ փախչելու» կարողութիւնները զայն կը դարձնեն ընդհանրական եւ ահեղ զէնք մարտական ժամանակակից բեմագրութիւններուն մէջ, նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

«Հայաստանի հետ գործարքը հիմնուած է երկու երկիրներու միջեւ ռազմավարական համագործակցութեան վրայ, ինչով Հնդկաստանը պաշտպանական սպառազինութեան առանցքային մատակարար դարձած է Հայաստանի համար: 2020 թուականին Հայաստանը Հնդկաստանէն ձեռք բերած է 4 միաւոր «Swathi» շարժական ռատարներ, եւ 2022 թուականի Սեպտեմբերին «Pinaka» բազմափող հրթիռային կայաններու, հակահրասայլային հրթիռներու եւ տարբեր տեսակի զինամթերքի ձեռքբերման 245 միլիոն տոլարի պայմանագիր ստորագրուած է», կը փոխանցէ հնդկական պարբերականը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment