Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ռուսական Թելեկրամեան Ալիքը Յայտնած Է Միհրան Պօղոսեանի Ձերբակալութեան Մասին

Ռուսական Թելեկրամեան Ալիքը Յայտնած Է Միհրան Պօղոսեանի Ձերբակալութեան Մասին

by MassisPost

Ռուսական թելեկրամեան ալիքները յայտնած են Հայաստանի դատական արձանագրութիւններու հարկադիր կատարման ծառայութեան նախկին ղեկավար Միհրան Պօղոսեանի ձերբակալութեան մասին։

Յղում ընելով Mash թելեկրամեան ալիքին, կը նշուի, որ Միհրան Պօղոսեանը կանգնեցուցած են ճանապարհային ոստիկանութեան աշխատակիցները Նոյեմբեր 19-ի կէսօրին, Մոսկուայի  Թվերսքայա փողոցին մէջ։

«Անոր մօտ փախստականի վկայական եղած է։ Անոր ձերբակալութեան մասին արդէն տեղեկացուցած են Հայաստանի ոստիկանութեան կեդրոնական համակարգին, յառաջիկային Միհրան Պօղոսեանին կը սպասուի արտայանձնում: Ընդ որում, նախապէս Պօղոսեանը արտաքսելու պահանջը ռուսական կողմը մերժած էր», կը նշէ Mash թելեկրամեան ալիքը։

ՀՀ Ներքին Գործերու Նախարարութեան ոստիկանութենէն նշած են, որ նման տեղեկութիւններ չունին։

Հայաստանի Հանրապետութեան յատուկ Քննչական ծառայութեան մէջ քննուող քրէական գործի շրջանակներուն մէջ ՀՀ դատական արձանագրութիւններու նախկին գլխաւոր հարկադիր կատարող Միհրան Պօղոսեանը, որ յայտնի է օֆշորային գայթակղութեամբ, ՀՀ Քրէական օրէնսգիրքի 179-րդ յօդուածի 3-րդ մասի 1-ին կէտով եւ 308-րդ յօդուածի 2-րդ մասով ներգրաւուած էր որպէս մեղադրեալ հանրօրէն վտանգաւոր այն արարքներու կատարման համար, որ ան, օգտագործելով պաշտօնէական դիրքը, վատնելու եղանակով առանձնապէս մեծ չափերով գոյք յափշտակած եւ չարաշահած է իր պաշտօնէական լիազօրութիւնները, ինչ որ յառաջացուցած է ծանր հետեւանքներ:

2019թ. Ապրիլ 13-ին ՀՀ յատուկ Քննչական ծառայութեան քննիչին կողմէ միջնորդութիւն ներկայացուած է Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարան` Միհրան Պօղոսեանի նկատմամբ կալանաւորումը որպէս խափանման միջոց ընտրելու համար: Միհրան Պօղոսեանի նկատմամբ յայտարարուած էր հետախուզում:

Աւելի ուշ, յայտնի դարձած էր, որ ան կը գտնուի Ռուսաստանի մէջ եւ այդ երկրէն քաղաքական ապաստան խնդրած է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment