Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանը Բաւարարած Է Հայաստանի Թիւով 5-րդ Միջնորդութեան Պահանջները

Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանը Բաւարարած Է Հայաստանի Թիւով 5-րդ Միջնորդութեան Պահանջները

by MassisPost

Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանը «Հայաստանն ընդդէմ Ատրպէյճանի գործով» բաւարարած է Հայաստանի թիւով 5-րդ միջնորդութեան պահանջները, կը տեղեկացնէ Միջազգային իրաւական հարցերով ՀՀ ներկայացուցիչը՝ նշելով, որ Հայաստանը այս միջնորդութիւնը ներկայացուցած էր Սեպտեմբեր 19-ին Լեռնային Ղարաբաղի վրայ Ատրպէյճանի յարձակումէն անմիջապես յետոյ:

Չնայած Հոկտեմբեր 12-ին կայացած դատական լսումներու ժամանակ Ատրպէյճանի կողմէ կատարուած որոշ յանձնառութիւններու՝ Դատարանը, այնուամենայնիւ, գտած է, որ անոնք բաւարար չեն Լեռնային Ղարաբաղի հայերու իրաւունքներուն անդառնալի վնաս հասցնելու վտանգը ամբողջովին վերացնելու համար։

Ըստ այդմ, մինչեւ գործով վերջնական վճիռի կայացումը Դատարանը Ատրպէյճանէն պահանջած է ապահովել 2023-ի Սեպտեմբեր 19-էն յետոյ Լեռնային Ղարաբաղը լքած եւ վերադառնալ ցանկացող անձերու անվտանգ, անարգել եւ արագօրէն վերադարձը, իսկ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մնացած եւ հեռանալ ցանկացող անձեր կարենան այդ ընել անվտանգ, անարգել եւ արագօրէն, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ գտնուողները զերծ ըլլան ուժի կիրառումէն կամ ահաբեկումէն, որ կրնայ անոնց փախուստի պատճառ դառնալ:

Միջազգային իրաւական հարցերով ՀՀ ներկայացուցիչը կը յիշեցնէ, որ Ատրպէյճանը միակողմանի յանձնառութիւններ ստանձնած էր, ի թիւս այլնի՝ Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի հասանելութիւնը ապահովելու եւ ՄԱԿ-ի կողմվ ստուգումներ կատարելու, մշակութային յուշարձանները պահպանելու եւ չվնասելու կամ չոչնչացնելու վերաբերեալ, դատարանը վերահաստատած է, որ անոնք իրաւաբանական պարտադիր ուժ ունին։

Դատարանը միաժամանակ պարտաւորեցուցած է Ատրպէյճանին «հաշուետուութիւն ներկայացնել կիրառուած ժամանակաւոր միջոցներու եւ Դատարանին մէջ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչին կողմէ ստանձնած պարտաւորութիւններու կատարման ուղղուած քայլերու վերաբերեալ ութ շաբթուան ընթացքին»։

Հոկտեմբեր 12-ին Հայաստանի կառավարութիւնը դիմած էր միջազգային դատարանին՝ խնդրելով միջանկեալ միջոց կիրառել Ատրպէյճանի դէմ, որ վերջինս հրաժարի «որեւէ գործողութենէ, որ ուղղակիօրէն կամ անուղղակիօրէն ուղղուած է մնացած հայերը Լեռնային Ղարաբաղէն տեղահանելուն»:

Ատրպէյճանը կ’ողջունէ Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանի՝ Լեռնային Ղարաբաղին վերաբերող հրապարակուած վճիռը։ Այս մասին յայտարարած է Ատրպէյճանի Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը՝ նշելով, որ դատարանը իր այդ վճիռով հաստատած է «Ղարաբաղի հանդէպ Ատրպէյճանի ինքնիշխան իրաւունքները, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը»։

Պաքուի մէջ նաեւ գոհունակութեամբ ընկալած են այն հանգամանքը, որ «դատարանը մերժած է Ղարաբաղի տարածաշրջանէն ատրպէյճանցի զինուորներու եւ իրաւապահներու դուրսբերման անհիմն եւ անհեթեթ պահանջը»։

«Դատարանի որոշումը կ’ընդունի նաեւ այն քաղաքականութիւնը, որ որդեգրած է Ատրպէյճանը Ղարաբաղի հայ բնակիչներուն հանդէպ։ Պաքուն պատրաստ է ապահովելու տարածաշրջանի բոլոր քաղաքացիներուն պաշտպանութիւնը՝ անկախ անոնց ազգային պատկանելիութենէն», նշուած է Ատրպէյճանի ԱԳՆ յայտարարութեան մէջ։

Ատրպէյճանի դիւանագիտական գերատեսչութիւնը նաեւ կը պնդէ, որ «Ատրպէյճանը երբեք չէ արտաքսած Ղարաբաղի հայերը։ Այդ անոնք էին, որ չնայած Պաքուի՝ տարածաշրջանը չլքելու կոչերուն, որոշեցին տեղափոխուիլ Հայաստան»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment