Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Երեւանն Ու Պաքուն Տակաւին Կը Խօսին Տարբեր Դիւանագիտական Լեզուներով․ Փաշինեան

Երեւանն Ու Պաքուն Տակաւին Կը Խօսին Տարբեր Դիւանագիտական Լեզուներով․ Փաշինեան

by MassisPost

Երեւանի մէջ, Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ, տեղի ունեցաւ Եւրոպայի Անվտանգութեան եւ Համագործակցութեան Կազմակերպութեան Խորհրդարանական Վեհաժողովի (ԵԱՀԿ ԽՎ) աշնանային նստաշրջանը:

Թուրքիան, Ատրպէյճանն ու Ռուսաստանը չեն մասնակցած նիստին։

Համաժողովը տեղի կ’ունենար «ԵԱՀԿ-ը ճգնաժամի ժամանակ. վեհաժողովի դերը ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրներուն արձագանգելու հարցով» խորագրին ներքոյ։ Օրակարգին վրայ էին նաեւ փտածութեան դէմ պայքարին ու փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան վերաբերող հարցեր։

Եւրոպայի Անվտանգութեան եւ Համագործակցութեան Կազմակերպութեան Խորհրդարանական Վեհաժողովի (ԵԱՀԿ ԽՎ) նիստին  վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց որ, Երեւանը Պաքուին կ’առաջարկէ փոխադարձաբար զօրքեր չունենալ Խորհրդային Միութեան վարչական սահմանէն այսուայն կողմ, ինչպէս նաեւ հասցէագրել ներգաւառ/արտագաւառներու հարցերը:   Փաշինեան շեշտեց՝ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքին մաս հանդիսացող արտագաւառ Արծուաշէնը, օրինակ, աւելի քան 30 տարիէ կը գտնուի ատրպէյճանական  ներքոյ։

Փաշինեան նշեց, որ Երեւանն ու Պաքուն տակաւին կը խօսին տարբեր դիւանագիտական լեզուներով եւ շատ յաճախ չենք հասկնար իրար։

Վարչապետը անոր առարկայական պատճառներն ալ նշեց՝ «երկարամեայ հակամարտութիւնը պատմական որոշակի առումով, հազարաւոր զոհերը, որոնց հարազատների աչքերի մէջ շատ դժուար է նայել, տասնեակ գերիները, որոնց ընտանիքի անդամների հարցերին պատասխաններ չկան, տասնամեակներ գերիշխող ատելութեան մթնոլորտը եւ կասկածները, որ կառուցողական յայտարարութիւնների տակ թաքնուած են վատ մտադրութիւններ, ընդ որում ինչ ասում եմ, այս կամ այն պահով վերաբերում է ե՛ւ Հայաստանին, ե՛ւ Ատրպէյճանին»։

Շեշտելով, որ Ատրպէյճանը, օրինակ, որեւէ անգամ հրապարակային յղում չէ ըրած արդէն համաձայնեցուած երեք սկզբունքներուն, չէ վերահաստատած իր հաւատարմութիւնը այդ սկզբունքներուն, Փաշինեան նշեց՝ այդ կը խորացնէ անվստահութեան մթնոլորտը։

«Չափազանց կասկածելի է թւում նաեւ այն, որ Ատրպէյճանում բարձրագոյն հովանաւորութեամբ եւ ըստ էութեան պաշտօնական մակարդակում ՀՀ-ն սկսել են կոչել «արեւմտեան Ատրպէյճան»։ Սա մեզ նոր պատերազմ, Հայաստանի դէմ նոր ռազմական յարձակում կազմակերպելու նախապատրաստութիւն է թւում եւ խաղաղութեան գործընթացի յառաջընթացի հիմնական խոչընդոտներից է», ըսաւ Գործադիրի ղեկավարը։

Անդրադառնալով հայ-թրքական յարաբերութիւններուն՝ Փաշինեան նախ ընդգծեց, որ Երեւանը երկխօսութեան մէջ է նաեւ Անգարայի հետ, ապա շեշտեց՝ նախապէս նման աշխոյժ երկխօսութիւն երբեք չեն ունեցած։

Դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման առումով տակաւին որեւէ յաջողութիւն չունինք, ըսաւ վարչապետը՝ նկատելով, որ Թուրքիոյ հետ Հայաստանի յարաբերութիւններու կարգաւորումը կարեւորագոյն գործօն է Հարաւային Կովկասի՝ խաղաղ, զարգացող ու անվտանգ միջավայրի ռազմավարական տեսլականին համար:

«Յառաջիկայում յոյս ունենք Հայաստան-Թուրքիա սահմանի՝ երրորդ երկրների քաղաքացիների եւ դիւանագիտական անցագիր կրողների համար բացելու նորութիւնը լսել, եւ սա կը լինի մեծ խորհրդանիշ կրող քայլ: Յոյս ունենք Հարաւային Կովկասը դարձնել աշխարհին լաւ նորութիւններ մատակարարող տարածաշրջան, եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, ես անձամբ պատրաստ ենք կրել այս նպատակին հասնելու համար մեր բաժին պատասխանատուութիւնը», եզրափակեց Գործադիրի ղեկավարը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment