Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանն Ու Վրաստանը Ստորագրած Են Պաշտպանութեան Նախարարութիւններուն Միջեւ Համագործակցութեան Ծրագիրը

Հայաստանն Ու Վրաստանը Ստորագրած Են Պաշտպանութեան Նախարարութիւններուն Միջեւ Համագործակցութեան Ծրագիրը

by MassisPost

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան, Նոյեմբեր 17-ին, Պաշտպանութեան Նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ ընդունած է պաշտօնական այցով Հայաստան ժամանած Վրաստանի պաշտպանութեան նախարար Ճուանշեր Պուրչուլաձէն։

Պաշտպանութեան նախարարներու առանձնազրոյցէն յետոյ տեղի ունեցած է ընդլայնուած կազմերով հանդիպում:

Հանդիպման ընթացքին կողմերը բարձր գնահատած են համագործակցութեան ներկայ մակարդակը։ Քննարկուած են պաշտպանութեան ոլորտին մէջ հայ-վրացական համագործակցութեան եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան առնչուող հարցեր:

Կողմերը միմեանց ներկայացուցած են նաեւ երկու երկիրներու Զինուած Ուժերուն մէջ ընթացող բարեփոխումներուն վերաբերեալ մանրամասնութիւններ:

Հանդիպման աւարտին պաշտպանութեան նախարարները ստորագրած են ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան եւ Վրաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութեան միջեւ երկկողմ համագործակցութեան ծրագիրը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment