Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ-ն Եւ Եւրոպան Հայաստանը Անդրատլանտեան Համայնքին Մերձեցնելու Ծրագիր Կը Մշակեն

ԱՄՆ-ն Եւ Եւրոպան Հայաստանը Անդրատլանտեան Համայնքին Մերձեցնելու Ծրագիր Կը Մշակեն

by MassisPost

ԱՄՆ-ն եւ Եւրոպան միասին Հայաստանը Անդրատլանտեան համայնքին մերձեցնելու ծրագիր կը մշակեն։ ԱՄՆ Գոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատին մէջ Լեռնային Ղարաբաղին նուիրուած լսումներուն ժամանակ այս մասին ըսած է ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութեան Եւրոպայի եւ Եւրասիական տարածաշրջանի հարցերով բիւրոյի քարտուղարի տեղակալ Ճէյմզ Օ’Պրայընը:

«Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա վոն տեր Լեյենը հրապարակայնօրէն յայտնած է, որ մտադիր է հանդիպում ունենալ ԱՄՆ-ի եւ Հայաստանի հետ՝ նպատակ ունենալով մերձեցնել Հայաստանը մեր համայնքներուն։ Ես այդ քննարկած եմ քանի մը օր առաջ վարչապետին (Փաշինեանի–Խմբ.) հետ, եւ մենք հիմա կը փորձենք մշակել անոր ձեւը», ըսած է ամերիկացի դիւանագէտը։

«Առաջարկը, որ ԵՄ-ն կրնայ ընել առեւտրային նախապատուութիւններու, տնտեսական համագործակցութեան եւ միասնական շուկայ մուտք գործելու առումով, աներեւակայելի կարեւոր է: Մենք կրնանք օգնել այս հարցով», ըսած է Օ’Պրայըն: Ան նշած է, որ դաշնակիցները այժմ «ճանապարհի մէջտեղն են» եւ կը փորձեն հասկնալ, թէ ինչպիսին կրնայ ըլլալ տնտեսական ապագան։

Պետական քարտուղարին օգնականը նաեւ ըսած է, որ Միացեալ Նահանգները եւ Եւրոպան կ’աշխատին Հայաստանի անվտանգութեան ապահովման յաւելեալ միջոցներու վրայ՝ յիշեցնելով այս ոլորտին մէջ Ֆրանսայի «նշանակալի» օգնութեան մասին։

Հարցումին, թէ ի՞նչ գործիքներ պատրաստ է կիրառելու Ոաշինկթընը՝ խաղաղութեան օրակարգը իր աւարտին հասցնելու համար, եւ արդեօք կը դիտարկէ՞ հնարաւոր պատժամիջոցներու կիրառումը, Օ’Պրայընը պատասխանած է. «Մենք կը դիտարկենք մեր ունեցած բոլոր գործիքները: Ես չեմ պատրաստուիր կանխատեսումներ ընելու հնարաւոր պատժամիջոցներու վերաբերեալ, բայց այդ, ի հարկէ, նոյնպէս մեր զինանոցին մէկ տարրն է», ընդգծած է ան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment