Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Տեսականօրէն Հնարաւոր Է Ե՛ւ Մասնակցիլ, Ե՛ւ Չմասնակցիլ ՀԱՊԿ Գագաթաժողովին, Երբ Ըլլայ Որոշում՝ Հանրութիւնը Կը Տեղեկացուի․ Կոստանեան

Տեսականօրէն Հնարաւոր Է Ե՛ւ Մասնակցիլ, Ե՛ւ Չմասնակցիլ ՀԱՊԿ Գագաթաժողովին, Երբ Ըլլայ Որոշում՝ Հանրութիւնը Կը Տեղեկացուի․ Կոստանեան

by MassisPost

Կառավարութեան նիստէն յետոյ լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ընթացքին արտաքին գործերու նախարարի տեղակալ Վահան Կոստանեան, անդրադառնալով Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի ստորգրման, նշեց որ հայկական կողմին համար կը շարունակէ սկզբունքային մնալ սահմանագիծի յստակացման հարցը։ Կարեւոր հարցերէն է նաեւ ապաշրջափակման գործընթացի չորս սկզբունքները՝ ինչպէս նաեւ վէճերու կարգաւորման յստակ մեխանիզմներու ստեղծումը։

Կոստանեան նշեց, որ Ատրպէյճանի նշած 8 գիւղերու հարցը պէտք է լուծուի սահմանազատման գործընթացի միջոցով, ինչպէս նաեւ այն տարածքներուն եւ գիւղերուն հարցը, որոնք կը գտնուին Ատրպէյճանի տիրապետութեան տակ։

Արտաքին գործերու նախարարի տեղակալը՝ անդրադառնալով գերիներու խնդիրին նշեց, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը միջազգային բոլոր հարթակներու մէջ կը բարձրացնէ այս հարցը։ «Ամբողջ գործիքակազմը, որը հասու է Արտաքին Գործերի Նախարարութեանը՝ օգտագործում ենք, որ մեր բոլոր հայրենակիցները՝ այդ թւում նախկին պաշտօնեաները վերադառնան», ըսաւ նախարարի տեղակալը։

Կոստանեան նշեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան բռնի տեղահանումը նաեւ միջազգային հանրութեան անգործութեան հետեւանք է, եւ պիտի շարունակեն աշխատանքը միջազգային հանրութեան հետ, որպէսզի աւելի համարժէք արձագանգեն եւ յստակ քայլեր ձեռնարկեն տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան ուղղուած գործընթացներուն՝ այդ շարքին իրենց ձեռքին տակ եղած գործիքակազմը աւելի լայնօրէն կիրառելով։

Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման անդրադառնալով՝ Կոստանեան ըսաւ, որ վերջին հանդիպումը եղած է Իրանի մէջ․ հայկական կողմը նշած է, որ պատրաստ է կեանքի կոչելու այն համաձայնութիւնները, որոնք արդէն իսկ ձեռք բերուած էին նախորդ տարի։ «Կարծում ենք, որ թուրքական կողմը պէտք է դրականօրէն արձագանգի մեր պատրաստակամութեանը՝ երրորդ երկրների քաղաքացիների եւ դիւանագիտական անձանց համար սահմանները բացելու հարցում»։

Կկոստանեան նշեց նաեւ, որ միջնորդները աշխատանքներ կ’իրականացնեն նոր հանդիպում կազմակերպելու համար՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ։

Կոստանեան անդրադարձաւ նաեւ ՀԱՊԿ գագաթաժողովին Հայաստանի մասնակցութեան՝ նշելով, որ դեռ որոշում չկայ, նշեց՝ տեսականօրէն հնարաւոր է ե՛ւ մասնակցիլ, ե՛ւ ոչ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment