Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Էմանուէլ Մաքրոն Եւս Մէկ Անգամ Շեշտած Է Ֆրանսայի Աջակցութիւնը Հայաստանին` Հետագայ Զարգացման Եւ Առկայ Մարտահրաւէրներու Յաղթահարման Ուղղութեամբ

Էմանուէլ Մաքրոն Եւս Մէկ Անգամ Շեշտած Է Ֆրանսայի Աջակցութիւնը Հայաստանին` Հետագայ Զարգացման Եւ Առկայ Մարտահրաւէրներու Յաղթահարման Ուղղութեամբ

by MassisPost

Էլիզէի պալատին մէջ տեղի ունեցած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հանդիպումը:

Ֆրանսայի նախագահը նախ իր ցաւակցութիւնները յայտնած է վարչապետին՝ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ, Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան մէջ ՀՀ վարչապետի անձնական ներկայացուցիչ Քրիսթիան Տէր Ստեփանեանի մահուան առիթով: Էմանուէլ Մաքրոն եւս մէկ անգամ շեշտած է Ֆրանսայի աջակցութիւնը Հայաստանին` հետագայ զարգացման ու առկայ մարտահրաւէրներու յաղթահարման ուղղութեամբ:

Նիկոլ Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնած է ջերմ հիւրընկալութեան եւ ցաւակցութիւններուն համար: Վարչապետը կարեւորած է հայ-ֆրանսական համագործակցութեան զարգացումը բոլոր ոլորտներու մէջ եւ շեշտած է ՀՀ կառավարութեան շահագրգռուածութիւնը այդ հարցով:

Զրուցակիցները քննարկած են Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին վերաբերող հարցեր: Շեշտուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցով Հայաստանի վարչապետին, Ֆրանսայի նախագահին, Գերմանիոյ վարչապետին եւ Եւրոպական Խորհուրդի նախագահին Կրանատայի քառակողմ յայտարարութեան մէջ տեղ գտած սկզբունքներու կարեւորութիւնը:

Անդրադարձ կատարուած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ատրպէյճանի կողմէ ցեղային զտման քաղաքականութեան հետեւանքով 100 հազարէ աւելի բռնի տեղահանուած անձերու մարդասիրական խնդիրներուն, ինչպէս նաեւ յաղթահարման ուղղութեամբ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ իրականացուող քայլերուն: Կարեւորուած է միջազգային հանրութեան օժանդակութիւնը` առկայ խնդիրներու լուծման գործով:

Քննարկուած են նաեւ տնտեսութեան, ենթակառուցուածքներու զարգացման եւ այլ ոլորտներու մէջ հայ-ֆրանսական հետագայ համագործակցութեան խորացման ու ընդլայնման վերաբերող հարցեր: Կողմերը պատրաստակամութիւն յայտնած են հետեւողականօրէն շարունակելու աշխատանքները այդ ուղղութեամբ:

Միտքեր փոխանակուած են տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ կայունութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Եւրոպական միութիւն համագործակցութեան շուրջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment