Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հրանդ Բագրատեանին Մեղադրանք Առաջադրուած Է Բռնութեան Կոչեր Հնչեցնելու Համար

Հրանդ Բագրատեանին Մեղադրանք Առաջադրուած Է Բռնութեան Կոչեր Հնչեցնելու Համար

by MassisPost

Հայաստանի նախկին վարչապետ Հրանդ Բագրատեանին մեղադրանք առաջադրուած է ՀՀ Քրէական օրէնսգիրքի 330-րդ յօդուածի 1-ին մասով։

Բագրատեանին մեղադրանք առաջադրուած է այն բանին համար, որ ան 2023 թուականի Ապրիլ 4-ին, ժամը 16:30-էն 18:00 ինկած ժամանակահատուածին, Երեւան քաղաքի Բաղրամեան պողոտայի 19-րդ հասցէին գտնուող ՀՀ Ազգային Ժողովի մուտքի դարպասներուն մօտ «Միասին հասարակական շարժում» կազմակերպութեան կողմէ տեղի ունեցող հաւաքին ժամանակ բարձրացած է որպէս ելոյթի հարթակ ծառայող ինքնաշարժի քարշակի թափքի վրայ եւ բարձրախօսով՝ հրապարակային եղանակով, որ լուսաբանուած է տարբեր լրատուամիջոցներով եւ համացանցային կայքերով, հետեւաբար հասու դարձած է հասարակութեան լայն շրջանակի համար, քաղաքական հայեացքներով պայմանաւորուած, այն է՝ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի վարած արտաքին եւ ներքին քաղաքականութեան հետեւանքով Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ստեղծուած անվտանգային եւ տնտեսական վիճակի մէջ մեղադրելով վերջինս, դիտաւորութեամբ հնչեցուցած է բռնութիւն գործադրելու կոչեր: Այն է՝ խօսելով Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մասին, ըսած է. «Ինչի՞ էք մեռնում, վերացրէք էդ մարդուն, վերջացրէք արա, վերացրէք էդ իշխանութիւնը ձեր ուժով, ձեր թափով», որպիսի գործողութիւնը Հայաստանի մէջ յետպատերազմական, կարելի է ըսել՝ շարունակուող պատերազմական իրավիճակով եւ լարուած քաղաքական իրադրութեամբ պայմանաւորուած Հ. Բագրատեանի համակիրներու կամ որոշակի կարգավիճակի մէջ գտնուող անձերու՝ «ընդդիմադիր հայեացքներ ունեցող, պատերազմէն տուժած ընտանիքներու» մօտ, առանց խօսքի արժանահաւատութիւնը վերլուծելու, բռնութեան կոչերը իրագործելու իրական վտանգ ստեղծած է:

Անոր նկատմամբ խափանման միջոց ընտրուած է բացակայելու արգելքը։

Նշուած յանցանքը ապացուցուելու պարագային կը պատժուի տուգանքով՝ առաւելագոյնը տասնապատիկի չափով, կամ հանրային աշխատանքներով՝ առաւելագոյնը հարիւր ժամ տեւողութեամբ, կամ ազատութեան սահմանափակմամբ՝ առաւելագոյնը մէկ տարի ժամկէտով, կամ կարճաժամկէտ բանտարկութեամբ՝ առաւելագոյնը մէկ ամիս ժամկէտով, կամ բանտարկութեամբ՝ առաւելագոյնը մէկ տարի ժամկէտով:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment