Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Տնտեսական Աշխուժութեան Ցուցանիշը Ինը Ամսուան Մէջ Աճած Է 9,7 Տոկոսով

Հայաստանի Տնտեսական Աշխուժութեան Ցուցանիշը Ինը Ամսուան Մէջ Աճած Է 9,7 Տոկոսով

by MassisPost

Հայաստանի տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշը 2023 թուականի Յունուար-Սեպտեմբեր ամիսներուն 9,7 տոկոսով աւելցած է նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին նկատմամբ:

Այս մասին կը փաստեն ՀՀ Վիճակագրական Կոմիտէին հրապարակած տուեալները:

Արդիւնաբերական արտադրանքին ծաւալը այս տարուան Յունուար-Սեպտեմբերին նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատ նուազած է 0,6 տոկոսով: Իսկ գիւղատնտեսական համախառն արտադրանքին ծաւալը 9 ամսուան մէջ աւելցած է 1,7 տոկոսով:

Շինարարությեան ծաւալը 2023-ի 9 ամիսներուն նախորդ տարուան նոյն ժամանակին համեմատ աւելցած է 17 տոկոսով:

Առեւտուրի շրջանառութեան մէջ Յունուար-Սեպտեմբերին 2022-ի Յունուար-Սեպտեմբերի նկատմամբ  աւելացումը կազմած է 23,3 տոկոս: Նոյն ժամանակահատուածին մատուցուած ծառայութիւններուն ծաւալը աւելցած է 13,4 տոկոսով:

2023 թուականի Յունուար-Սեպտեմբերին սպառողական գիներու ցուցակը նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատ աճած է 2,8 տոկոսով, իսկ արդիւնաբերական արտադրանքի գիներուն ցուցակը՝ 1,3 տոկոսով: ելեկտրականութեան արտադրութեան ծաւալներուն մէջ արձանագրուած է նուազում, նախորդ տարուան նոյն ժամանակին համեմատ նուազումը կազմած է 2,8 տոկոս:

Արտաքին առեւտրաշրջանառութեան ծաւալը այս տարուան Յունուար-Սեպտեմբերին նախորդ տարուան նոյն ժամանակին համեմատ աճած է 47,2 տոկոսով:  Ընդ որում՝ նախորդ տարուան 9 ամիսներուն նկատմամբ արտահանումը աճած է 48,5 տոկոսով, իսկ ներմուծումը՝ 46,4 տոկոսով:

Դրամի փոխարժէքը ԱՄՆ տոլարին նկատմամբ Յունուար-Աեպտեմբեր ամիսներուն կազմած է 388.71 դրամ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment