Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանը Նոր Գործընկերներ Կը Փնտռէ, Քանի Որ Մոսկուան Ձախողած Է Իրագործել Դաշնակցային Պարտաւորութիւնները. Փաշինեան

Հայաստանը Նոր Գործընկերներ Կը Փնտռէ, Քանի Որ Մոսկուան Ձախողած Է Իրագործել Դաշնակցային Պարտաւորութիւնները. Փաշինեան

by MassisPost

Հայաստանը նոր գործընկերներ կը փնտռէ, քանի որ Մոսկուան ձախողած է իրագործել իր դաշնակցային պարտաւորութիւնները, յատկապէս Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան հաստատման ժամանակ, «WSJ»-ին ըսած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։

«Այս իրադարձութիւնները մեզ յանգեցրին որոշման, որ կարիք ունենք զանազանեցնել մեր յարաբերութիւններն անվտանգութեան ոլորտում, եւ հիմա փորձում ենք դա անել», ըսած է Հայաստանի վարչապետը՝ յաւելելով, որ նոյն այդ պատճառով ինք Հայաստանի մէջ ռուսական ռազմախարիսխի շարունակուող ներկայութեան մէջ որեւէ առաւելութիւն չի տեսներ։

Ամերիկեան պարբերականը կը փաստէ, որ «դժուարին դրութիւնը, որուն մէջ յայտնուած է Հայաստանը, երթալով աւելի կը մտահոգէ Միացեալ Նահանգներին ու արեւմտեան դաշնակիցները»։

«Եւրասիայով երկարող անկայունութիւններու երկար շարանին մէջ այս տարածաշրջանը կը թուի պայթիւնավտանգ եւս մէկ կէտ», կը գրէ «WSJ»-ը, յաւելելով՝ «Ուաշինկթընի եւ եւրոպական մայրաքաղաքներուն մէջ աճող մտահոգութիւնը այն է, որ Ատրպէյճանը՝ թրքական աջակցութեամբ եւ Ռուսաստանի մեղսակցութեամբ, մօտակայ ամիսներուն կրնայ փորձել գրաւել Հայաստանը կամ անոր մէկ մասը՝ ցամաքային կամուրջ ստեղծելով Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ: Զուգահեռ, անյանգստացնող է, որ Ռուսաստանը կրնայ ծրագրել յեղաշրջում՝ Հայաստանի ղեկավարը պաշտօնանկ ընելու համար»:

Ամերիկեան պարբերականը կը յիշեցնէ, որ վերջին շաբաթներուն Մոսկուան անցած է հրապարակային կշտամբանքներու եւ սպառնալիքներու այն բանէն ետք, երբ Հայաստանը վաւերացուց Հռոմի Կանոնադրութիւնը, վարչապետն ալ Եւրոխորհրդարանին մէջ քննադատեց Ռուսաստանի անգործութիւնը Հայաստանի ու արցախահայերուն անվտանգութիւնը պաշտպանելու հարցով։

 

Արձագանգելով հարցումին, թէ արդեօք իրեն կը մտահոգե՞ն նման յայտարարութիւնները եւ մտավախութիւն չունի՞, որ Մոսկուան կրնայ զինք հեռացնել իշխանութենէն, Փաշինեան վրդովմունքը չէ թաքցուցած։

«Նման մօտեցումը խախտում է բազմաթիւ կանոններ՝ միմեանց ներքին գործերին չմիջամտելուց եւ դիւանագիտական կոռեկտութիւնից սկսած», ըսած է ան։

Չնայած յայտարարուեցաւ, որ Ատրպէյճանը հրաժարած է ամսուան վերջը Պրիւքսէլի մէջ նախատեսուող հանդիպումէն, Հայաստանի վարչապետը պնդած է, որ կը մնայ լաւատես՝ յառաջիկայ ամիսներուն Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու հարցով։

«Տարածաշրջանի ապագան պէտք է լինի տեւական ժամանակ փակ սահմանների ու առեւտրային ուղիների, այդ թւում՝ Թուրքիան ու Ատրպէյճանը կապող ճանապարհի բացումը, եթէ այն յարգում է Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը։ Անվտանգութիւնը պէտք է ձեռք բերուի ոչ միայն բանակով, այլեւ տարածաշրջանային խաղաղութեամբ», ըսած է ան։

Պատասխանելով Ռուսաստանի հետ Հայաստանի պատմական յարաբերութիւններուն վերաբերեալ հարցումին՝ Փաշինեան յորդորած է անոր փոխարէն կեդրոնանալ «թուրքական հարեւաններու՝ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ Հայաստանի շատ աւելի երկար պատմութեան վրայ»։

«Այստեղ են բոլոր հարցերը, եւ այստեղ են բոլոր հարցերի պատասխանները», ըսած է Փաշինեան, յաւելելով. «Մենք պէտք է նախ աշխատենք բարելաւել տարածաշրջանային մեր յարաբերութիւնները»։

Աւելին, Փաշինեան ընդգծած է, որ անվտանգութեան ոլորտին մէջ յարաբերութիւնները զանազանեցնելու, նոր դաշնակիցներ գտնելու Երեւանի ջանքերը պէտք է դիտարկել ոչ թէ զուտ որպէս արեւմտեան խարիսներու եւ զէնքի խնդրանք, այլ՝ որպէս տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան ձգտում։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment