Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Ատրպէյճանն Ու Թուրքիան ՀՀ Սահմաններուն Մօտ Կը Պատրաստուին Զօրավարժութիւններու՝ Նուիրուած Թուրքիոյ Հանրապետութեան 100-Ամեակին

Ատրպէյճանն Ու Թուրքիան ՀՀ Սահմաններուն Մօտ Կը Պատրաստուին Զօրավարժութիւններու՝ Նուիրուած Թուրքիոյ Հանրապետութեան 100-Ամեակին

by MassisPost

Թուրքիոյ ռազմաօդային ուժերու «F-16 »ինքնաթիռները ժամանած են Ատրպէյճան՝ մասնակցելու «Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրք 2023» զօրավարժութիւններուն, յայտնած է Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը։

Ատրպէյճանա-թրքական համատեղ մարտավարական զօրավարժութիւնները տեղի պիտի ունենան Հոկտեմբեր 23-25-ին քանի մը վայրերի մէջ՝ Պաքուի, Նախիջեւանի եւ հայկական «բռնագրաւումէն ազատագրուած» տարածքներուն մէջ։

Զօրավարժությունները նուիրուած են Թուրքիոյ Հանրապետութեան 100-ամեակին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment