Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Երեւանը Ստացած Է Ատրպէյճանական Կողմին Առաջարկները Խաղաղութեան Պայմանագրի Մասին, Նորը Չէ Ուղարկած Դեռ. Վահան Կոստանեան

Երեւանը Ստացած Է Ատրպէյճանական Կողմին Առաջարկները Խաղաղութեան Պայմանագրի Մասին, Նորը Չէ Ուղարկած Դեռ. Վահան Կոստանեան

by MassisPost

«Կրանատայի յայտարարութիւնում յայտարարուել են այն ուղենիշները, որոնք ըստ մեզ՝ պէտք է տեղ գտնեն խաղաղութեան պայմանագրում կամ յարաբերութիւնների կարգաւորման մասին համաձայնագրում, եւ այս ուղղութեամբ աշխատանքները շարունակուելու են», լրագրողներու հետ զրոյցին ըսաւ արտաքին գործերու փոխնախարար Վահան Կոստանեանը։

Ան յայտնեց, որ Երեւանը ստացած է ատրպէյճանական կողմին առաջարկները։

«Մեր կողմից նոր գրաւոր առաջարկ դեռեւս չի ներկայացուել, քննարկումների մէջ ենք, պատասխան փաթեթը պատրաստելիս սպասում ենք, որ Կրանատայի յայտարարութեան շուրջ ատրպէյճանական կողմը հանրային կերպով կը դիրքաւորուի եւ կը բարձրացնի՝ արդեօք իրենց համար ընդունելի են այդ ուղենիշները», նշեց արտաքին գործերու նախարարին տեղակալը։

Հարցումին, թէ Պաքուն չի՞ հրաժարիր արեւմտեան ձեւաչափէն, քանի որ յայտարարած էր, որ պատրաստ են բանակցութիւններ վարելու Վրաստանի մէջ, փոխնախարարը ըսաւ. «Ձեւաչափերի մշտական փոփոխութիւնը լրջագոյն կասկածներ է յարուցում, թէ արդեօք պաշտօնական Պաքուն ընդհանրապէս հետաքրքրուած է խաղաղութեան գործընթացն աւարտին հասցնելով, թէ իրենք ընդամէնը մի ձեւաչափից միւսն են փորձում անցնել եւ այդպէս յստակ պայմանաւորուածութիւնների ձեռք բերումից խուսափել»։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment