Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պետական Քարտուղարութիւնը Կը Հերքէ, Թէ Պլինքըն Յայտարարած Է Հայաստան Ատրպէյճանի Հնարաւոր Ներխուժման Մասին

Պետական Քարտուղարութիւնը Կը Հերքէ, Թէ Պլինքըն Յայտարարած Է Հայաստան Ատրպէյճանի Հնարաւոր Ներխուժման Մասին

by MassisPost

Միացեալ Նահանգներու Պետական Քարտուղարութիւնը կը հերքէ «Politico» պարբերականի հրապարակումը, համաձայն որուն՝ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընը ԱՄՆ օրէնսդիրներու հետ հանդիպման ատեն նախազգուշացուցած է, թէ յառաջիկայ շաբաթներու ընթացքին Ատրպէյճանը կրնայ ներխուժել Հայաստան։ «Արմէնփրես»-ին տուած մեկնաբանութեան մէջ Պետական Քարտուղարութեան խօսնակ Մեթիու Միլլըր յայտնած է, որ յօդուածին մէջ տեղ գտած տեղեկատուութիւնը «սխալ է» եւ «չ’արտացոլեր այն, ինչ պետական քարտուղար Պլինքընը ըսած է օրէնսդիրներուն»։

«Միացեալ Նահանգները խստօրէն կ’աջակցի Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան։ Մենք ընդգծած ենք, որ այդ ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան որեւէ խախտում պիտի յանգեցնէ լրջագոյն հետեւանքներու։ Այս [Politico-ի] յօդուածին տեղեկութիւնը սխալ է եւ որեւէ կերպ չ’արտացոլեր այն, ինչ պետական քարտուղար Պլինքընը ըսած է օրէնսդիրներուն», նշած է Պետական Քարտուղարութեան խօսնակը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment