Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ռազմական Յարձակման Եւ Վառելանիւթի Պահեստարանի Պայթումին Հետեւանքով Զոհերը 500-էն Աւելի Են, Անհետ Կորսուածները՝ 50-էն Աւելի․ Արցախի ՆԳՆ Խօսնակ

Ռազմական Յարձակման Եւ Վառելանիւթի Պահեստարանի Պայթումին Հետեւանքով Զոհերը 500-էն Աւելի Են, Անհետ Կորսուածները՝ 50-էն Աւելի․ Արցախի ՆԳՆ Խօսնակ

by MassisPost

Արցախի դէմ Սեպտեմբեր 19-ի ատրպէյճանական լայնածաւալ յարձակման հետեւանքով զինուորականներու շրջանակին մէջ 200-էն աւելի զոհ կայ, քաղաքացիներու շրջանակին մէջ՝ 2 տասնեակէ աւելի, «Ազատութեան» փոխանցած է Արցախի Ներքին Գործերու Նախարարութեան խօսնակ Յունան Թադեւոսեան՝ յաւելելով, որ Սեպտեմբեր 25-ին պենզինի պահեստի պայթումին հետեւանքով հաստատուած 220 մահուան դէպք կայ։

Թադեւոսեան նշած է, որ անոնցմէ մօտ 150 -ը անճանաչելի են։

«Աճիւնները եւ մասունքները պայթումի տարածքից հանուել եւ տեղափոխուել են Երեւանի Դատաբժկական փորձաքննութեան կեդրոն՝ DNA քննութեան միջոցով նոյնականացում իրականացնելու համար։ Կան նաեւ 50 -ից աւելի անհետ կորածներ»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment