Home Uncategorized USAID-ը Պատրաստ Է Աջակցելու Բռնի Տեղահանուածներու ՀՀ Համարկման Վերաբերող Ծրագրերուն

USAID-ը Պատրաստ Է Աջակցելու Բռնի Տեղահանուածներու ՀՀ Համարկման Վերաբերող Ծրագրերուն

by MassisPost

Տնտեսութեան նախարար Վահան Քերոբեան ընդունած է ԱՄՆ Միջազգային Զարգացման Գործակալութեան (USAID) հայաստանեան առաքելութեան տնօրէն Ճոն Ալելոյի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Հանդիպման ներկայ եղած է նաեւ նախարարի տեղակալ Արման Խոճոյեանը։

Նախարարութենէն կը յայտնեն, որ նախարարը ներկայացուցած է Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուածներու հետ Տնտեսութեան Նախարարութեան ներկայացուցիչներու հանդիպումներուն արդիւնքները, հնչեցուցած են հիմնական բարձրացուած թեմաներն ու առաջարկուող հնարաւոր լուծումները:

Առանձին անդրադարձ կատարուած է գործարար միջավայրի բարելաւման ու առեւտուրը Հայաստան տեղափոխուող գործարարներու համար համարկման բարենպաստ պայմաններու ապահովման։

Պատուիրակութեան անդամները պատրաստակամութիւն յայտնած են աջակցելու բռնի տեղահանուածներու ՀՀ համարկման վերաբերող ծրագրերու իրականացման գործին մէջ:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment